Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Մարտ 4ին այցելեց Թորոնթօ եւ Մոնթրէալ` Հիւսիսային Ամերիկա կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս:
Նոյն օրը ան հանդիպում ունեցաւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ՝ զեկուցելով Լիբանանի գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին:
Նախարարը խօսեցաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական վիճակին մասին ըսելով, թէ վերջին շրջանին Լիբանան կ’ապրի համեմատաբար խաղաղ շրջան մը՝ շնորհիւ երկրի նախագահին եւ վարչապետին համախոհութեան: Լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ որպէս Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ՝ վայելելով յարգանքը բոլոր ուժերուն:
Կիտանեան ասոր արտայայտութիւնը նկատեց Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի վերջերս Հայաստան կատարած այցելութիւնը:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 2000 թուականէն ի վեր Դաշնակցութիւնը ունեցած է երկու երեսփոխաններ Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս: Այժմ սակայն, պայմանները փոխուած են եւ ընտրութեանց օրէնքները նոր կարելիութիւններ կ’ընձեռեն լիբանանհայութեան: Այս պատճառով պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնենք երեք կամ չորս երեսփոխաններ խորհրդարանին մէջ ունենալու համար:
Ան քաջալերեց Գանատա ապրող լիբանանահայերը կատարելու իրենց քաղաքացիական եւ ազգային պարտականութիւնները՝ ըսելով․ «Գրանցուելու ճշդուած ժամանակաշրջանը անբաւարար նկատելով՝ ներքին համաձայնութիւն կար զայն երկարաձգելու, սակայն քաղաքական կարգ մը իրադարձութիւններ պատճառ դարձան երկարաձգումին խափանման: Հետեւաբար, սպասուած արդիւնքներուն չկրցանք հասնիլ: Կը մտածուին նոր միջոցներու մասին՝ համալրելու քուէարկողներու պահանջուած թիւը»:
Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ բոլոր գրանցուողները Ապրիլ 29ին ուղղուին քուէակեդրոններ եւ իրենց քուէն տան ուղղակի Դաշնակցութեան թեկնածուներուն:
Ան նաեւ ըսաւ, որ անոնց որոնց լիբանանեան փաստաթուղթերն ու անցագիրները ի զօրու չեն այլեւս, դեսպանատունը դիւրութիւններ կ’ընծայէ նորոգելու եւ նոր անցագիրներ ապահովելու շատ կարճ ժամանակի մը (մէկ շաբաթ) մէջ եւ գրեթէ անվճար (1000 լ.ո):
Ան յայտնեց, որ քուէարկելու համար Օթթաուա մեկնելու հարցը լուծուած է. քուէակեդրոններ պիտի նշանակուին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:
Նշենք, թէ Դաշնակցութեան թեկնածուներու ընտրատարածքներն են Պէյրութ մայրաքաղաքը, Մաթընի շրջանն ու Այնճարը:
Ան կոչ ուղղեց գանատացի լիբանանահայերուն վերջին ճիգը չխնայել՝ ի նպաստ լիբանանահայութեան եւ ազգային շահերուն: