Կը Պահանջուի Խլել Կարօ Փայլանի Երեսփոխանական Անձեռնմխելիութիւնը


«Ակօս»․- Թուրքիոյ դատական մարմիններուն կողմէ պահանջ ներկայացուած է՝ խլելու ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններու՝ Հանրապետական ժողովրդային եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեանց շարք մը երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը:

Մայիս 17ին խորհրդարան ներկայացուած են նշեալ կուսակցութիւններուն անդամ 10 պատգամաւորներու մասին համապատասխան պահանջագիր: Աղբիւրը չէ յստակացուցած սակայն, թէ դիմումը ո՞ր մարմինին կողմէ ուղարկուած է խորհրդարան:

Վերոնշեալ պատգամաւորներու շարքին է քրտամէտ կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ անցած շաբաթ խորհրդարանին ներկայացուած էր վերոնշեալ կուսակցութիւններէն այլ 51 պատգամաւորներու անձեռնմխելիութեան դադրեցման պահանջ մը՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջարկով: Կատարուած քուէարկութեամբ՝ առաջարկը վաւերացուած էր 376 կողմ, 140 դէմ եւ 5 ձեռնպահ ձայներով:

Յիշեցնենք, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած կը մնան առնուազն 10 պատգամաւորներ, ներառեալ՝ քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահները։