Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբեր 14ին մեկնեցաւ Գանատա` մասնակցելու Վանգուվըրի մէջ տեղի տեղի ունեցած ՄԱԿ խաղաղարարութեան նախարարական համաժողովին:
Մինչ համաժողովի բացման արարողութեան մասնակցիլը, հայկական պատուիրակութիւնը Վանգուվըրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:
ՄԱԿի խաղաղարարութեան նախարարական համաժողովին մասնակցելէ ետք՝ Նոյեմբեր 15ին, հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց «Հայ կեդրոն», ուր կայացաւ պաշտպանութեան նախարարին հանդիպումը Վանգուվըրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան: հանդիպումի ընթացքին Վիգէն Սարգսեան անդրադարձաւ հայկական զինուած ուժերու արդիականացման աշխատանքներուն: Մասնաւորապէս` ան ներկայացուց այն քայլերը, որոնք կը կատարուին բանակի մարտունակութեան բարձրացման, նոր սպառազինութեան ձեռքբերման, մարտական հերթապահութիւնը առաւել անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ: Ան ներկաներուն պատմած է ռազմաբժշկական եւ ռազմակրթական ուղղութիւններով սկիզբ առած խորքային բարեփոխումներու մասին: Ելոյթի աւարտին ան պատասխանեց հանդիպման մասնակիցներու հարցումներուն:
Նոյեմբեր 16ին նախարար Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ Գանատայի Royal Military College Saint-Jean ռազմական վարժարանը եւ ծանօթացաւ ուսումնարանի գործունէութեան:
Նոյն օրը երեկոյեան ան հիւրընկալուեցաւ Մոնրէալի «Հայ կեդրոն»էն ներս, ուր կայացաւ պաշտպանութեան նախարարին հանդիպումը հայ համայնքին հետ: Ան ներկայացուց հայկական բանակի արդիականացման ծրագիրները, զինուած ուժերու մէջ սկիզբ առած բարեփոխումներու ընթացքն ու հիմնական ուղղութիւնները: Ան պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Գանատա աշխատանքային այցի վերջին օրը, Նոյեմբեր 17ին, ՀՀ պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուցաւ Մոնրէալի ՀԲԸՄ «Ալէք Մանուկեան» վարժարան: Աշակետները Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինանշանով շապիկներով դիմաւորին հիւրերը եւ կարդացին հայ զինուորին հասցէագրուած իրենց պատրաստած նամակը: Վարժարանի դահլիճին մէջ անոնք նաեւ փոքրիկ համերգային ծրագիր ներկայացուցան հիւրերուն: Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Վիգէն Սարգսեան նշեց, որ այլ երկիրներ այցերու ընթացքին միշտ կարեւոր համարած է հանդիպումները հայկական դպրոցներ, քանի որ առանց դպրոցներու անհնար է պահպանել հայկական ինքնութիւնը:
Հայկական պատուիրակութիւնը այնուհետեւ հիւրընկալեցաւ ՀՅԴ «Սուրբ Յակոբ» դպրոց, շրջայց կատարեց դպրոցի տարածքով: Վիգէն Սարգսեան գրառում կատարեց դպրոցի պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:
Վերջաւորութեան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարը Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Լաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց։