Սոնա Բուչիկեան Սարգիսեան
Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի անակնկալ եւ վաղահաս վախճանումը սրտի դառն կսկիծ պատճառեց բոլորիս: Մեր աչքերուն առջեւէն տողանցեցին Հայր Մեղրիկի վաստակը` Թորոնթոյի եւ Գանատայի գաղութին, Անթիլիասի դպրեվանքին, «Թռչնոց Բոյն»ին եւ այլուր:
Սրբազան Հայրը իր աստուածաբանական-կրօնական գիտելիքներու մտապաշարով շաղախուած երաժշտական իր մասնագիտութեամբ, ինչպէս նաեւ իր բազմատաղանդ կարողութիւններով եւ աշխատասիրութեամբ, օրինակ դարձաւ մեր համայնքին: Իր ազնիւ, խոնարհ ոգիով ու ծառայասիրութեամբ, ան ոգեւորեց բոլոր հաւատացեալները, աւելի պայծառացուց Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին ու գաղութը՝ որուն համար երախտապարտ ենք: Ան աննկարագրելի խանդավառութիւն ստեղծեց մեր գաղութէն ներս, ներգրաւելով երիտասարդ, չափահաս ու տարեց սերունդի ծխականներ, բոլորելով զանոնք եկեղեցւոյ շուրջ:
Շնորհազարդ Հայր Մեղրիկը իր բոլոր ստանձնած աշխատանքները իրագործեց ամենայն բծախնդրութեամբ, մեծ սիրով, հաւատարմութեամբ ու անսակարկ նուիրումով: Ան աշխատեցաւ եւ իր կարգին ներշնչեց ու խանդավառեց իր շրջապատը, ուր որ ալ գտնուէր ան:
Իր տուած հոգեշունչ քարոզներու, եկեղեցւոյ եւ դպրաց դասի ու յանձնախումբերու աշխատանքի կողքին, ան հրատարակեց բազմաթիւ յօդուածներ, գիրքեր, սկաւառակներ եւ տեսահոլովակներ: Տաղանդաշատ Սրբազանը նաեւ կազմակերպեց Ս․ Գրային սերտողութիւններ, երգահանդէսներ ու բազմատեսակ ձեռնարկներ՝ ինչպէս գրքի շնորհահանդէս, ուխտագնացութիւն դէպի Երուսաղէմ, Ս․ Զատկուայ թափօրներ եւ այլն:
Հայր Մեղրիկը, ամենայն վեհանձնութեամբ բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնէն ներս գործող անհատներու, յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու տարած անխոնջ աշխատանքները, միշտ զանոնք պարգեւատրելով՝ իր կողմէ պատրաստուած յատուկ գնահատագրերով:
Հակառակ իր բազմազբաղութեան, ան միշտ պատրաստ էր իր պայծառ գաղափարներով ու հմտութեամբ օգտակար դառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը դիմէին իրեն: Անհունօրէն երախտապարտ ենք իրեն, որ մեր հօր Գեղամ Բուչիկեանի «Յոյսի Կարաւանը – Հայ Որբին Յուշերը» գիրքի հրատարակութեան աջակցեցաւ, իր սուղ ժամանակը տրամադրեց եւ մեծապէս օգտակար դարձաւ իր շինիչ ցուցմունքներով:
Հոգելոյս Սրբազան Հայր, խո՜ւնկ եւ աղօ՜թք ձեր անթառամ յիշատակին․․․