ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Գանձասարի Սոխակներու եւ Կռունկ երգչախումբի եւ 7րդ-12րդ դասարաններու նուագախումբի տարեկան համերգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 25 Մայիսին։
Համերգը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան 100ամեակին, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի ՙՕգնի՛ր Եղբօրդ՚ ծրագրին, որուն նպատակն է օժանդակել Արցախի եւ Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Վարձքերնիդ կատար, շատ սիրելի ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։