Մայիս 27ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։ Պատարագին՝ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին պետական երեսփոխաններ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ ազգային մարմիններու անդամներ։
Պատարագի սկիզբը եռագոյն դրօշը միաբան հայրերու կողմէ բարձրացաւ Ս. Խորանին առջեւ եւ կաթողիկոսը դրօշին առջեւ աղօթք կատարելէ ետք օրհնեց զայն՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ ան միշտ ծածանի հայութեան վերեւ՝ որպէս խորհրդանշան ամբողջական հայութեան՝ ամբողջական Հայաստանի։
Կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը սկսաւ յիշելով՝ որ հայ եկեղեցին մասնակից դարձաւ 1918ին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն եւ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան վերակերտման մէջ։
Ապա, խօսելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին ան յայտնեց, որ թէեւ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու պարտադրանքներու տակ եւ մեկնելով ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերէն, Հայաստանի իշխանութիւնը տեղի տուաւ ամբողջատիրական վարչակարգին ու Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը, սակայն եռագոյնով խորհրդանշուող Հայաստանի անկախութիւնը, որպէս ոգի, գաղափարախօսութիւն, յոյս ու տեսիլք, մնաց խորապէս արմատացած հայրենիքի ժողովուրդին սրտին մէջ ու սերտօրէն շաղախուած Սփիւռքի հայութեան կեանքին հետ։ Այս առնչութեամբ, «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղաւ ամուր պահապանը ու անվեհեր քարոզիչը եռագոյնի խորհուրդին ու պատգամին։ Այս ոգիով ու տեսլականով սերունդներ կազմաւորուեցան մեր Դպրեվանքէն ներս ու դարձան քաջ վկաները ազատ ու անկախ Հայաստանին՝ ամբողջական Հայաստանին ամբողջական հայութեամբ։ Նո՛յն ոգիով մեր Ս. Աթոռը 1991ին Հայաստանի վերանկախացումը ջերմօրէն ողջունեց՝ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի անկախութեան ամրացման ու պետութեան կազմակերպման համազգային առաքելութեան», նշեց ան։
Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան 100ամեակին այժմէական պատգամին, Հայրապետը թուեց երեք հիմնական կէտեր.-
Առաջին հերթին, ան յայտնեց, որ անկախութիւնը արիւնով ձեռք կը ձգուի, սակայն քրտինքով, հաւատքով ու յստակ տեսլականով կը պահուի։ Առ այդ, այսօր եւս, Հայաստանի անկախութեան պահպանումը դիւրին չէ, նկատի ունենալով ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները, ինչպէս պատերազմ, տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ, արտագաղթ եւ այլն։ Ան շարունակեց, որ հակառակ այս մարտահրաւէրներուն, հարկ է կառչած մնալ հայրենի հողին, ամրացնել Հայաստանի պետութեան հիմքերը, զարկ տալ Հայաստանի տնտեսութեան ու ծաւալել անոր միջազգային յարաբերութիւնները, որոնք կրնան նպաստել պետութեան հզօրացման ու մեր ազգային պահանջատիրութեան։
Խօսելով Սփիւռքի կարողականութիւնն ու կարելիութիւնները ճիշդ ձեւով հունաւորելու մասին, ընդգծեց, որ Սփիւռքը հսկայ ներուժ ունի իր ազգային, քաղաքական, մշակութային ու հոգեւոր հարուստ փորձառութեամբ ու զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ թիւով մասնագէտներու ու փորձագէտներու շնորհիւ։ Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի անկախութեան ու հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն զօրեղ պաշտպանը։ Սակայն այս բոլորը ի զուր կը մնան, եթէ Սփիւռքը չկարենայ իր ներուժը ճիշդ ու ամբողջական կերպով արդիւնաւորել ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ազգային շահերուն։ Ան նշեց, որ Սփիւռքը հարկ է իր ներուժը համախմբէ համասփիւռքեան ու համահայկական տոկուն հարթակի վրայ, ամուր առանցքի ու յստակ օրակարգի շուրջ. ան յիշեցուց, որ Սփիւռքի ներուժը սոսկ բարեսիրական ոլորտին մէջ չէ, այլ Հայաստանի ու մանաւանդ համահայկական խնդիրներու ոլորտներուն մէջ։
Եւ վերջապէս, Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ յատուկ կերպով ընդգծեց Հայաստանի հզօրացման խնդիրը, որ պիտի իրականանայ Արցախի ամրացումով ու Սփիւռքի կազմակերպութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ հզօր Հայաստանի տեսլականը պէտք է վերածուի ազգային գաղափարախօսութեան, մարտավարութեան ու ռազմավարութեան։
Ան իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Խորապէս կը հաւատանք, որ Հայաստանը աւելի՛ կը ծաղկի ու կը հզօրանայ իր Արցախով, եւ Սփիւռքը աւելի՛ կը կազմակերպուի, երբ համախմբուինք մեր տագնապները, մարտահրաւէրները ու պահանջատիրութիւնը ներառող համազգային օրակարգի մը շուրջ՝ դերերու յստակեցումով ու աշխատանքի բաժանումով լծուելով հաւաքական աշխատանքի։ Ահա՛ պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին»։
Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, ընդառաջելով ՀՄԸՄի ջերմ փափաքին, տեղի ունեցաւ սկաուտական տողանցք՝ գլխաւորութեամբ շեփորախումբին։ Ազգային խանդավառութիւն ստեղծած ու Մայիս 28ի ոգին անգամ մը եւս ներկաներուն կեանքին մէջ ապրեցուցած տողանցքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց՝ գնահատելով ՀՄԸՄը, ինչպէս նաեւ մեր այն բոլոր մարզական միութիւնները, որոնք մեր բոլոր գաղութներէն ներս՝ թէ՛ Մայիս 28ին եւ թէ այլ ազգային տօնախմբութեան առիթներով, մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ վառ կը պահեն մեր ազգային արժէքներն ու ձգտումները։