«Ազատութիւն, Արմենփրես»․- Յուլիս 9ի երեկոյեան, Երեւանի մէջ մեկնարկեց «Ոսկէ Ծիրան» 14րդ միջազգային կինոփառատօնը:
Աւանդոյթի համաձայն՝ նախ կատարուեցաւ ծիրանի օրհնութիւն, այնուհետեւ «Մոսկուա» կինոթատրոնին մօտ` Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ մեր կինոյի մեծերուն նուիրուած աստղերու բացում: Այս տարի բացուեցան Ֆրունզէ Դովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սերկէյ Իսրայէլեանի աստղերը:
Ծիրանի օրհնութիւն՝ Սուրբ Աննա երեկեցւոյ մէջ։
Աստղերու բացում
Փառատօնի հիւրերը անցան աւանդական կարմիր գորգի վրայով եւ մտան «Մոսկուա» կինոթատրոն, ուր տեղի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս տարի փառատօնի բացման ֆիլմը Համօ Բեկնազարեանի «Խասփուշ»ն էր, որու ստեղծման 90ամեակը կը լրանայ։
Բացման ներկայ էին բազմաթիւ օտարերկրեայ հիւրեր, դեսպաններ, արուեստասէրներ, պաշտօնեաներ:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նշեց, թէ շատ ուրախ է, որ յառաջիկայ օրերուն հանրութիւնը աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած գունեղ ֆիլմերու միջոցով կրնայ հաղորդակցուիլ տարբեր ժողովուրդներու երազներուն ու ցանկութիւններուն:
«Ոսկէ Ծիրան»ին մասնակցութեան համար 96 երկրէ ստացուած 1100 յայտերէն ընտրուած է 47 ֆիլմ, որոնք պիտի ցուցադրուին 3 մրցութային ծրագիրերու մէջ:
«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինոփառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մէկն է: Հիմնուած է 2004ին` «Ոսկէ ծիրան» կինոյի զարգացման հիմնադրամի, Կինոգէտներու եւ կինոլրագրողներու հայկական ընկերակցութեան կողմէ: «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիրներն են փառատօնի գլխաւոր տնօրէն, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, ծրագիրներու տնօրէն, կինոքննադատ Միքայէլ Ստամբոլցեան եւ գեղարուեստական տնօրէն, կինոքննադատ Սուսաննա Յարութիւնեան: