Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Բացարձակ Մեծամասնութեամբ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Հոկտեմբեր 29-ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեամբ՝ բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը։

Բանաձեւին կողմ քուէարկեցին 405 քոնկրեսականներ, դէմ՝ 11, ձեռնպահ՝ 3, իսկ 13 քոնկրեսականներ չքուեարկեցին։

Նշենք, որ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ նախ տեղի ունեցած քուէարկութեամբ ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը փակ ընթացակարգով օրակարգ մտցնելու հարցը: Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրեսականներէն կողմ քուէարկեց 223, դէմ՝ 191-ը: Ըստ ընթացակարգի, բանաձեւին մէջ այլեւս փոփոխութիւներ կարելի չէ մտցնել:

Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին շաբաթներուն հեռաձայնային արշաւի մը սկսած էր՝ ANCA.org/call հասցէով, քոնկրեսականները ի նպաստ բանաձեւին քուէարկելու մղելու համար:

Իսկ վերջին օրերուն Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբին զօրակցողները արդէն Ուաշինկթըն եկած էին Ներկայացուցիչներու 435 անդամները համոզելու՝ բանաձեւը ընդունելու եւ վերջ տալու թրքակական կառավարութեան ուրացման։

Վերջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին քուէարկութեան դրուած է 1984-ին։ «Դժբախտաբար անկէ ի վեր Ամերիկայի կառավարութիւնը մեղսակից եղած է թրքական կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութեան ուրացման աշխատանքներուն», «Երկիր Մեդիա»ին յայտնեց Հայ Դատի մամուլի խօսնակ Էլիզապէթ Չուլճեան։

«Մինչ նախագահը տեղի կու տայ Էրտողանի ճնշումներուն դիմաց, Քոնկրեսին պարտականութիւնն է պաշտպանել Ամերիկայի շահերը՝ ցոյց տալով, թէ կարելի չէ արտօնել բռնատէրերու, որ առեւանգեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ հաստատելու համար, որ ամերիկան արժէքները ծախու չեն», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: