Մայիս 28ին Հայաստանի Հանրապետութեան, այդ կարգին՝ Երեւանի եւ Սարդարապատի հուշահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած համապետական շարք մը ձեռնարկներ: Այս ձեռնարկներուն ընդառաջ ստեղծուած է ներկայացուած նշանակը, ինչպէս նաեւ անոր օգտագործումին ուղեցոյցը:
Նշանակը հանրութիւնը կրնայ օգտագործել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ընթացքին, տարբեր իրերու (գաւաթներ, գազակներ, գիրչներ եւ այլն) համար:
Նշենք նաեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100րդ յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութեան ձեռնարկներու շրջանակին մէջ, Մայիս 25ին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ պիտի բացուի «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` 100 տարուան յետահայեաց» խորագիրով ցուցահանդէսը: Պիտի ներկայացուին ցուցանմուշներ` Ա. Հանրապետութեան խորհրդանիշներ, կարեւոր փաստաթուղթեր, ժամանակի կենցաղը արտացոլող նիւթեր, հագուստի նմոյշներ եւ այլն:
Մայիս 28ին Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզային կեդրոններուն մէջ տեղի պիտի ունենան տօնական համերգներ: Համերգները կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ մարզպետարաններուն համագործակցութեամբ: