“Ակօս”,- Յուլիս 4-ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տեղապահ ընտրուեցաւ Սահակ եպս․ Մաշալեան:
Տեղապահի թեկնածու էին երկու հոգի՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Սահակ եպս․ Մաշալեան: Մաշալեան ստացած է 13, իսկ Աթէշեան` 11 ձայն:
2019-ի Մարտ 8-ին պատրիարք Մութաֆեանի մահէն ետք սկսած է գործընթաց, որ պէտք է աւարտի նոր պատրիարքի ընտրութիւններով: Յունիս 18-ին Կ.Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի որոշումով պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններու օր նշանակուած էր Յունիս 27: Սակայն, Պոլսոյ նահանգապետարանէն ուղարկուած գրութեան պատճառով ընտրութիւնները յետաձգուեցան Յուլիս 4-ին: