Կեսարիոյ Շրջանի Հայկական Ս․ Պօղոս–Պետրոս Եկեղեցին Փլուզման Վտանգի Տակ Է


“Էրմէնիհապեր”,- Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Թոմարզա (հայկական նախկին Տոմարածին գիւղ) գաւառին մէջ գտնուող հայկական Ս․ Պօղոս–Պետրոս եկեղեցւոյ տանիքը աստիճանաբար կը ճաքճքի եւ կը փլի, իսկ եկեղեցւոյ սիւներուն ծեփերը կը թափին: Թոմարզայի մշակութային միութեան նախկին նախագահ Հասան Կիւրպիւզը նշած է, որ եկեղեցին աւերման եզրին է: «Մեր մեծագոյն ցանկութիւնն է, որ անհետացած որմնագիրներով այս եկեղեցին վերանորոգուի եւ ծառայէ զբօսաշրջութեան», ըսած է ան:

Թոմարզայի շուկայի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին կառուցուած է 1837-ին տեղական քանդակագործական յատուկ արուեստով և աղիւսներով:: 1915 թուականէն ետք որոշ ժամանակ ծառայած է որպէս պահեստ եւ կինոթատրոն, իսկ ատկէ ետք` լքուած: Կը նշուի, որ Կեսարիոյ Յատակագծման եւ յուշարձաններու վարչութիւնը եւ Մշակութային եւ բնական արժէքներու պաշտպանութեան խորհուրդը որոշած էին եկեղեցին վերանորոգել եւ վերափոխել, սակայն այդպէս ալ ան չէ վերակառուցուած:

Կիւրպիւզը նշած է, որ եկեղեցին պատմական ու ճարտարապետական կարեւոր մշակութային ժառանգութիւն է: «Որոշ ժամանակ որպէս պահեստ օգագործուած, այնուհետեւ ժողովուրդին կինոթատրոն ծառայած եկեղեցին այժմ փլուզման եզրին է: Այս պահուն կը պահպանուին որմնանկարները: Աղաւնիի բոյնի վերածուած եկեղեցին, անուշադրութեան եւ անտարբերութեան հետեւանքով, փլուզման վտանգի տակ է: Կ՛ակնկալենք նահանգի Մշակութային եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պաշտօնեաներու արձագանգը: Թոմարզայի մէջ գտնուող եկեղեցին տեղական եւ արտերկրեայ պատմութիւն սիրողներու համար տեսարժան վայր է: Յուսով եմ` եկեղեցին չի վերանար եւ կը նորոգուի»:

Յիշեցնենք, որ թուրքերն ու քիւրտերը տեղաբնակ հայերու քաջութեան համար Թոմարզան կ՛անուանէին «Քիւչուկ Զէյթուն»,  այսինքն` Փոքր Զէյթուն: Ցեղասպանութեան օրերուն մեծ ու փոքր, կին ու տղամարդ զէնք վերցուցած էին` թրքական բանակին ու քիւրտ համիդիէին պատճառելով մեծ կորուստներ:

 1929-ին վերջին հայերը, թիւով 145 հոգի, հեռացան հայրենի բնակավայրէն եւ տեղափոխուեցան Խորհրդային Հայաստան: Թոմարզայի հայկական մշակութային հետքերը մինչեւ այսօր ալ տեսանելի են թէ՛ քաղաքին մէջ, թէ՛ քաղաքի շրջակայքին: