Սպանիոյ Թագաւորը Ջանքեր Գործադրած Է Փրկելու Դանիէլ Վարուժանը


«Ակունք»․- Վերջերս Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը հրապարակած էր որոշ փաստաթուղթեր, ըստ որոնց՝ Սպանիոյ թագաւոր Ալֆոնսօ 13րդը փորձեր էր փրկել 1915ի Ապրիլ 24ին ձերբակալուած հայ մտաւորականութեան որոշ ներկայացուցիչներ:

«Ակունք»ը ստորեւ կը հրապարակէ նաեւ 1916ի Մայիսին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Սպանիոյ ներկայացուցիչին պաշտօնական նամակը՝ ուղղուած տուեալ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հալիլ Մենթեշէին: Նամակը կը պարզաբանէ, թէ Սպանիոյ թագաւորը 1916 դեռեւս տեղեակ չէր, որ Դանիէլ Վարուժան եւ միւս հայ մտաւորականները արդէն սպաննուած էին օսմանեան իշխանութիւններու հրամանով, եւ դեռ յոյսեր կը փայփայէր զանոնք փրկելու:

Փաստաթուղթը Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին տրամադրած է օսմանեան արխիւէն զայն յայտնաբերած ամերիկաբնակ պոլսահայ Գէորգ Յակոբեան, իսկ ֆրանսերէնէն հայերէնի թարգմանած է կեդրոնի թրքերէն բաժինի պատասխանատու Մելինէ Անումեան:

«10 Մայիս 1916թ.

«Թուրքիոյ մէջ Սպանիոյ ներկայացուցչութիւն

«Պարո՛ն նախարար,

«Ընթացիկ ամսուան 1ին եւ 8ին պատիւ ունեցայ հանդիպումներ ունենալու ձերդ գերազանցութեան հետ: Այդ հանդիպումներուն քննարկուած այն մի քանի հայերու թեմային առումով, հայեր, որոնց ազատ արձակումը խնդրուած էր նորին մեծութիւն տիրակալիս կողմէ, ձեր թոյլտուութեամբ կը ցանկամ աւելցնել, որ Դանիէլ Վարուժան անունով յիշատակուած անձը կը կրէ Դանիէլ Չպուգեարեան անունը, եւ որ Վարուժան անունը, որով ան յայտնի է, իրականութեան մէջ անոր գրական կեղծանունն է:

«Իմ ունեցած տեղեկութիւններուս համաձայն՝ վերոյիշեալ անձը ձերբակալուած է 1915ի Ապրիլ 11-24ին, եւ միւս բանտարկեալներուն հետ միասին ուղարկուած՝ Չանքըրը, ուր ան մնացեր է առնուազն մինչեւ նոյն տարուան Օգոստոս 7-20ը, իսկ այնտեղէն ալ հաւանաբար ուղարկուած է Այիաշ:

«Կը շտապեմ ձեր գերազանցութեան յայտնել այն, ինչ որ տեղի ունեցած է մինչ այժմ, քանի որ կը ցանկամ դիւրացնել անոր որոնումը, զոր հրահանգուած է օսմանեան կառավարութեան կողմէ, եւ օգտուելով առիթէն՝ կը տեղեկացնեմ, որ քիչ առաջ նոր հրահանգներ ստացեր եմ, ըստ որոնց՝ պէտք է աշխուժացնեմ քայլերս՝ վերոնշեալ անձերու խնդիրի ուղղութեամբ:

«Կանխաւ երախտագիտութիւս կը յայտնեմ ձերդ գերազանցութեան՝ վերոյիշեալ որոնումներուն արդիւնքին մասին յառաջիկային զիս տեղեկացնելու համար, որպէսզի ես կարելիութիւն ունենամ կարելի եղածին չափ շուտ պատասխանելու նորին մեծութիւն Սպանիոյ թագաւորին:

«Պարո՛ն նախարար, ընդունեցէ՛ք, խնդրեմ, խորին յարգանքներուս հաւաստիքը»: