«Գանձասար»,- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, 27 Յունիս 2021-ին, 10 տարիներու ընդհատումէն ետք, Հալէպի Ռիայէթ Շապապ դաշտին վրայ մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ միջմասնաճիւղային տողանցք-փառատօնը, ՀՄԸՄի` Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն, սկաուտական կազմերուն եւ մարզական խումբերուն մասնակցութեամբ: Տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան մարզիկները:
Տողանցքը տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի քարտուղար Ահմատ Մանսուրի հովանիին ներքոյ: Տողանցքը շնորհաւորական արտայայտութիւն էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վերընտրութեան, ինչպէս նաեւ ցընծութեան տօն էր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակին առիթով:
Տողանցքին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, հայ համայնքապետներու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ, պետական եւ ազգային բարձրաստիճան հիւրեր եւ բազմահազար յարոդիներ։
Բացմուը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Բացման արաբերէն խօսքին մէջ ՀՄԸՄի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեան դիտել տուաւ, որ տասը տարիներու դաժան պատերազմէն Սուրիան յաղթական դուրս եկաւ՝ շնորհիւ սուրիական քաջարի բանակին եւ իմաստուն ղեկավարութեան: Ան մեծ յաղթանակ համարեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին վերընտրութիւնը, որուն ուրախութեան արտայայտութիւնը եղաւ Սուրիոյ նահանգներէն համախմբուած ՀՄԸՄ-ի հինգ մասնաճիւղերու քոյրերուն ու եղբայրներուն երախտագիտական տողանցքը:
Բացման պատկերով ՀՄԸՄի հինգ մասնաճիւղերու քոյրերն ու եղբայրները պարզեցին Սուրիոյ նախագահին նկարը, ապա Սարդարապատի յուշարձանին պատկերը: Այնուհետեւ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ Յովիկ Փամբալեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնուած ճրագով ջահը վառեց ու զայն փոխանցեց Սուրիոյ Շրջ. խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեանին, ապա ջահը փոխանցուեցաւ հինգ մասնաճիւղերու խմբապետներուն ու սկաուտի մը ձեռամբ կայմին վրայ հաստատուած ջահը լուսաւորուեցաւ:
Մարզական ներկայացումով հանդէս եկան ՀՄԸՄի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան քունկֆու-ուշույի, ռիթմիկ ճմպազի, սանտայի եւ քիք-պոքսինկի մարզիկները, որոնք հետաքրքրութիւն շարժող մարզաձեւերով ներկաներուն ուշադրութեան արժանացան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի միջմասնաճիւղային տողանցքը, որուն բացումը կատարեցին Սուրիոյ Շրջանային խմբապետութիւնն ու հինգ մասնաճիւղերու խմբապետները: Յաջորդաբար տողանցեցին Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Քեսապի եւ Հալէպի մասնաճիւղերու սկաուտական եւ մարզական խումբերը, իրենց փողերախումբերուն առաջնորդութեամբ: Տողանցեցին նաեւ ՀՄԸՄի երէց եղբայրները, որոնք երկար տարիներու վաստակ ունին միութեան շարքերէն ներս, ապա ՀՄԸՄի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան մարզիկները:
Ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Ան ողջունեց Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած ՀՄԸՄականները, դիտել տալով, որ Սուրիոյ բոլոր բաղադրիչ տարրերուն հետ սուրիահայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ իր զաւակներուն արիւնը նուիրաբերելով սուրիական հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան, յայտնելով Տէր Զօրէն եկող յարուցեալ հայուն հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին, անոր վսեմաշուք նախագահին եւ սուրիացի ասպնջական ժողովուրդին:
Սրբազան Հայրը հպարտութիւն առթող տողանցքին ընդմէջէն տեսաւ մէկ բռունցք կազմած ՀՄԸՄականներուն կապուածութիւնը՝ Հայաստանին, Արցախին եւ Սուրիոյ եւ Սուրիան ծաղկեցնելու անոնց վճռակամութիւնը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Մանսուր, որ գեղեցիկ պատկերով մը յայտնեց, թէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները կը բաժնեկցին կարմիր գոյնով, որ դաւադիր ուժերուն դէմ նահատակներուն թափած արիւնը կը խորհըրդանշէ:
ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան ձեռամբ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու եւ պարգեւներու յանձնում՝ Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ փողերախումբերուն, հինգ մասնաճիւղերու մարզական ներքին մրցաշարքերու ախոյեաններուն, ինչպէս նաեւ Հալէպ Մասնաճիւղի վերանորոգուած դաշտերուն վրայ տեղի ունեցած ոտնագնդակի եւ պասքեթի մրցումներու ախոյեան խումբերուն:
Տողանցքին խանդավառութիւնը ամբողջացաւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին գեղարուեստական յայտագիրի ներկայացումով:
Ելոյթ ունեցան Լաթաքիայէն ժամանած Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Գեղարդ», Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբերըը, ապա նուագախումբը, մասնակցութեամբ սուրիահայ երգիչներ՝ Մարիա Չիչեանի, Արման Տէր Պետրոսեանի, Կասիա Պաղտիկեանի, Կարօ Գուշաքճեանի, Մեղեդի Փամպուքեանի, Ակաբէ Ֆրանքեանի, Լիւսի Յովհաննէսեանի, Խաչիկ Աշճեանի եւ Քեսապէն ժամանած Սեւակ Պետուրեանի:
Տողանցքի ուղիղ սփռումը կատարեց «Ռատիօ Երազ»ը, իսկ հայաստանեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռային կայանը անդրադարձաւ անոր յատուկ տեսանիւթով:
Տողանցքին հալէպահայ հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներ:
Տողանցքէն պատկերներ