Ցասում


Րաֆ­ֆի Սար­գի­սեան

 

Քա­ռաս­նօ­րեայ ար­ցուն­քա­բեր,

զսպո­ւած բո­լոր ցա­ւե­րը մեր`

վե­րա­ծե­ցինք ցա­սու­մի`

Վա­հագ­նեայ բո­ցե­րով վա­ռած,

սան­ձար­ձա՛կ։

 

Այս գի­շեր, կը տրո­փեն մեր սիր­տե­րը,

լոկ ձեր վախ­ճա­նը տես­նե­լու,

դուք, ձեր պղծո­ւած գա­հե­րուն բազ­մած նեն­գու­թիւն`

Դե­ւե­րու, դա­ւա­դիր դժո­խա­ծին ծա­ռա­ներ․

Եւ դուք, ա­նի­րա­ւու­թեան ու սու­տե­րու մէջ դի­ւա­հար ու կոյր,

հե­տիոտն խու­ժան­ներ։

 

Դուք հրէշ­ներ,

մեր որ­դի­նե­րու մէջ­քին չո­քած`

կը կի­սէք սրբա­վայ­րեր,

հա­ցի նման, բա­րե­կա­մա­բար,

եւ դուք, ան­յագ գա­զան­ներ`

ՏԷր Զօ­րի ա­ճիւն­ներն դեռ չմար­սած,

ժա­նիք­նե­րով կը կրծէք,

ողջ թէ վա­ղա­մե­ռիկ,

Հա­յոր­դի­ներ մեր ա­րի։

 

Դուք ե­ղէք ո­ճիր­նե­րով հար­բած,

ան­կուշտ Վա­ճա­ռա­կան­ներ`

Իսկ մենք ար­դա­րու­թեան դրօ­շա­կիր­ներ։

Մեր խա­չա­ցո­ղե­րէն շո­ղա­ցող ե­ռա­գոյն­նե­րու,

շան­թա­հա­րող դի­ւա­հան ճա­ռա­գայթ­նե­րով`

պի­տի պար­զենք ճա­նա­պար­հը վսեմ։

 

Զար­դա­րեա­նի բա­գի­նը ա­հա`

կը վա­ռենք կրկին,

Ե­ռաբ­լու­րի սուրբ բար­ձուն­քին,

Սիա­ման­թո­յի ար­դար,

սրաթ­ռիչ ե­րի­վար­նե­րուն հե­ծած,

պի­տի գանք կրկին,

Վա­րու­ժա­նի ե­ղեգ­նեայ բո­ցա­վառ գրի­չը մեր ձեռ­քին․․․

Եւ մե­զի հետ`

դա­րա­ւոր զո­հե­րու սրտե­րէն պոռթ­կող ա­րիւ­նա­հե­ղեղ­ներն են, որ Ա­րաք­սէն պի­տի յոր­դին,

ու պի­տի կոր­սո­ւի ձեր պաշ­տած խա­ւա­րը,

իսկ հա­ւատ­քով, մեր ա­րե­ւը պի­տի ծա­գի կրկին,

ձեր կամ­քին դէմ,

եւ այն­ժամ,

պի­տի հանգ­չին զո­հե­րը` հին ու նոր,

պի­տի պա­տո­ւով ապ­րի հա­յը` այ­սօր եւ վա­ղը

ա­պա­հով եւ եր­ջա­նիկ պի­տի խա­ղայ հայ մա­նու­կը ի՛ր ­տան,

մեր ա­պա­գա­յի ա­պա­ւէն։