2020-ին Արցախի Հիւանդանոցներուն Մէջ Ծնած է 1614 Երեխայ


Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2020-ի ընթացքին Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 1614 երեխայ, որոնցմէ 818 տղայ, 796 աղջիկ:

Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ծնած է 1389 երեխայ, որոնցմէ 699 տղայ, 690 աղջիկ:

Տարուան ընթացքին Արցախի մէջ արձանագրուած է երկուորեակներու 23 ծնունդ:

Նշենք, որ արհեստական բեղմնաւորման ճանապարհով ծնած է 9 երեխայ ( 7 տղայ եւ 2 աղջիկ):

Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած են 182, Ռուսիոյ մէջ` 2 արցախցի մանուկներ:

Այս բոլորի հանրագումարով՝ Արցախի մէջ 2020-ի ընդհանուր ծնելիութիւնը կազմած է 1798 երեխայ, որոնցմէ 923 տղայ, 875 աղջիկ: