“United News india”.- Յայտնի գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան պիտի պարգեւատրուի Lifetime Achievement մրցանակով՝ Նոյեմբեր 20ին սկիզբ առնող «Հնդկաստանի միջազգային շարժանկարի փառատօն 2017»ի (IFFI) ընթացքին:
Հնդկաստանի տեղեկատուութեան եւ հեռարձակման նախարար Սմրիթի Իրանին իր թուիթըրեան էջին մէջ հրապարակած գրառման մէջ կը յայտնէ, որ փառատօնի ընթացքին բեմադրիչին նկարած երեք` «Քաղցր ապագան», «Էքզոթիքա» եւ «Յիշել» շարժանկարներու յատուկ ցուցադրութիւն պիտի կազմակերպուի:
Աշխարհահռչակ բեմադրիչ, գրող եւ արտադրող Ատոմ Էկոյեան մեծ ներդրում ունեցած է համաշխարհային շարժանկարի զարգացման գործին: Անոր ֆիլմերուն մէջ կը համադրուին բուռն զգացումներն ու արհեստագիտական ինքնատիպ լուծումները, որոնք հանդիսատեսին կը բացայայտեն տարբեր հիմնախնդիրներ: Եգիպտահայ ընտանիքի մէջ ծնած Ատոմ Էկոյեան, Թորոնթոյի համալսարանին մէջ հայոց պատմութիւն ուսանելու տարիներուն, շատ բան կը բացայայտէ իր ազգային մշակոյթի եւ պատմական անցեալի մասին: Ան մեծ հետքրքրութեամբ կը սկսի ուսումնասիրելու 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
«Ան իր գործունէութեան հիմնական շարժիչ ուժը ֆիլմարտադրութեան մէջ կը համարէ մոռցուած պատմութեան վերհանումը», կը գրէ աղբիւրը:
Էկոյեան նկարած է 15 լիամետրաժ ֆիլմ, ստեղծած է քանի մը հեռատեսիլային նախագիծեր եւ կարճամետրաժ ֆիլմեր: Բեմադրիչին «Արարատ» ֆիլմը անոր առաջին գործն է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: