7 Դեկտեմբեր 1988. ժամը 11:41. Սպիտակի Երկրաշարժին Սպիացող Վէրքերը եւ Չմարող… Կսկիծը


Նազարէթ Պէրպէրեան


Գ­րե­թէ ե­րեք տաս­նա­մեակ ան­ցած է ար­դէն 7 Դեկ­տեմ­բեր 1988ի այն չա­րա­ղէտ օ­րէն աս­դին, երբ ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժը քա­րու­քանդ ա­ւե­րեց Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րը, տաս­նեակ հա­զար­նե­րով հայ մար­դոց, յատ­կա­պէս ման­կա­հա­սակ­նե­րու կեանք խլեց եւ, Հա­յաս­տա­նի հետ, ցնցեց ամ­բողջ աշ­խար­հը։

Դեկ­տեմ­բեր 7ի օ­րը, 29 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նէն մին­չեւ աշ­խար­հի ա­մէ­նէն հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, հա­ւա­սա­րա­պէս հայ թէ օ­տար մար­դիկ զար­հու­րան­քով հե­տե­ւե­ցան Ս­պի­տա­կէն սկսած եւ ամ­բողջ Շի­րա­կի բա­րե­բեր դաշ­տը մեծ գե­րեզ­մա­նո­ցի մը վե­րա­ծած երկ­րա­շար­ժի ցնցիչ լու­սան­կար­նե­րուն։
Անխ­տիր ա­մէնքն ալ ոչ միայն հա­մա­կո­ւե­ցան մարդ­կա­յին եւ նիւ­թա­կան ծան­րա­գոյն կո­րուստ­նե­րուն պատ­ճա­ռած խոր ցա­ւով, այ­լեւ զար­հու­րան­քով հաս­տա­տե­ցին, թէ բնու­թեան դէմ որ­քա՜ն ան­զօր են տա­կա­ւին մարդ էակն ու մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը… գի­տա­կան, այ­լեւ ար­հես­տա­գի­տա­կան ի­րենց բո­լոր նո­րա­գոյն յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րով եւ նո­ւա­ճում­նե­րով հան­դերձ։

1988ի այդ օ­րը, ճիշդ ժա­մը 11:41ին, տա­կա­ւին խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ ապ­րող Հա­յաս­տա­նի մէջ, ընդ­հան­րա­պէս Գիւմ­րին եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Ս­պի­տա­կը բա­ռա­ցիօ­րէն փուլ ե­կան եւ ի­րենց փլա­տակ­նե­րուն տակ թա­ղե­ցին սե­րունդ­նե­րու կեն­սա­գոր­ծու­թեան մարմ­նա­կան, նիւ­թե­ղէն թէ հո­գեմ­տա­ւոր մարդ­կա­յին հա­րուստ ար­գա­սի­քը։

Կոր­ծա­նա­րար երկ­րա­շար­ժը խլեց ա­ւե­լի քան 35.000 զո­հեր, իր ե­տին ձգեց 130.000 տար­բեր աս­տի­ճա­նի վի­րա­ւոր­ներ, իսկ 500.000 հո­գի դա­տա­պար­տեց — այս կամ այն չա­փով — ան­տուն ու ա­նօ­թե­ւան կեան­քի…

Մաս­նա­գի­տա­կան գնա­հա­տու­մով եւ նո­րօ­րեայ հա­շո­ւարկ­նե­րով ՝ Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժը ա­ւե­լի քան 3.000.000.000՝ եւ­րո­յի վնաս պատ­ճա­ռեց։

Այ­սօր մե­ծա­գոյն մա­սով վե­րա­կանգ­նած է Ա­ղէ­տի Գօ­տին։ Ա­ւե­րո­ւած Ս­պի­տա­կի ան­մի­ջա­կան մեր­ձա­կայ­քը կա­ռու­ցո­ւած է նոր Ս­պի­տակ։ Գիւմ­րին կա­րե­ւոր չա­փով դար­մա­նած է իր վէր­քե­րը, նոյն­պէս եւ՝ Վա­նա­ձորն ու ա­ղէ­տա­հար միւս ա­ւան­նե­րը։

Թէեւ դեռ չէ ան­ցած կսկի­ծը հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­նե­րու, ո­րոնք երկ­րա­շար­ժէն 29 տա­րի ետք ալ տա­կա­ւին կը սգան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն ան­դարձ կո­րուս­տը.

Թէեւ աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը մէկ մար­դու պէս այ­սօր կ­’ո­գե­կո­չէ 29րդ տա­րե­լի­ցը 1988ի ա­ղի­տա­լի երկ­րա­շար­ժին.

Բայց ար­դէն սպիա­ցած են վէր­քե­րը, որ­քան ալ ցաւն ու վիշ­տը տա­կա­ւին զգաց­նեն ի­րենց ան­դար­մա­նե­լիու­թիւ­նը։

Ան­մո­ռա­նա­լի կը մնան նաեւ երկ­րա­շար­ժի ա­ղէ­տին փո­խան­ցած դա­սե­րը ոչ միայն Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ՝ ողջ աշ­խար­հին ու մարդ­կու­թեան։

Ս­պի­տա­կի ա­ղէ­տը ա­ռա­ջա­ցուց մի­ջազ­գա­յին սրտակ­ցու­թեան եւ զօ­րակ­ցու­թեան այն­պի­սի՜ մեծ ու ան­նա­խա­դէպ ա­լիք մը, ո­րուն ներշն­չու­մով՝ մին­չեւ այ­սօր Հա­յաս­տանն ու Ս­պի­տա­կը, ողջ մարդ­կու­թեան աչ­քին, կը շա­րու­նա­կեն խորհր­դան­շել բնու­թեան տա­րեր­քին ու հա­րո­ւած­նե­րուն դէմ միաս­նա­կա­նու­թեամբ կուրծք ցցե­լու, ի­րար օգ­նու­թեան հաս­նե­լու եւ վե­րա­շի­նու­թեան աշ­խա­տան­քին բո­լոր ու­ժե­րով լծո­ւե­լու մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան ու զօ­րակ­ցու­թեան ո­գին։
Երկ­րա­շար­ժի ա­ղէ­տին խլած զո­հե­րուն եւ պատ­ճա­ռած կո­րուստ­նե­րուն տա­րո­ղու­թիւ­նը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւե­լի ա­հա­ւոր ե­ղաւ, քան բնու­թեան ցնցու­մին ու հա­րո­ւա­ծին ուժգ­նու­թիւ­նը պէտք է ու­նե­նար։

Ան­նա­խըն­թաց տա­րո­ղու­թեամբ բարձր աս­տի­ճա­նի երկ­րա­շար­ժը, վստա­հա­բար, այս­քա՜ն ծանր հե­տե­ւանք­ներ պի­տի չու­նե­նար, ե­թէ ի­րենց կա­ռուց­ման ժա­մա­նակ բնա­կու­թեան ու աշ­խա­տան­քա­յին շէն­քե­րը երկ­րա­շար­ժի դի­մա­նա­լու կազ­մա­կա­ռու­ցա­յին ըն­դու­նա­կու­թեամբ օժ­տո­ւած ըլ­լա­յին։

Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժէն 29 տա­րի ետք մաս­նա­գէտ­նե­րը ար­դէն դառ­նու­թեամբ եւ ընդվ­զու­մով կը հաս­տա­տեն, որ 1988ի կո­րուստ­նե­րուն 80 տո­կո­սը հե­տե­ւանք էր շի­նա­րա­րա­կան խղճմտու­թեան… պա­կա­սին։

Իսկ հայ մար­դուն խո­րա­գոյն ցա­ւը, երկ­րա­շար­ժէն 29 տա­րի ետք, կը շա­րու­նա­կէ մնալ ճնշող դառ­նու­թիւ­նը այն ի­րա­կա­նու­թեան, որ ինչ­պէս խորհր­դա­յին՝ օ­տա­րո­տի բռնա­տի­րու­թեան տա­րի­նե­րուն, նաեւ մեր օ­րե­րուն, ա­զատ ու ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ, տա­կա­ւին կը տի­րեն մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­րա­րած ար­ժէք­նե­րուն եւ հան­րա­յին հարս­տու­թեան հետ իբ­րեւ սե­փա­կան ա­գա­րա­կի վա­րո­ւե­լու իշ­խա­նու­թեան եւ ստո­ւե­րա­յին ու­ժի տէր մար­դոց շիլ մօ­տե­ցում­նե­րը։

Այս բո­լո­րով հան­դերձ՝ Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժին ան­մո­ռա­նա­լի դա­սե­րու շար­քին կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը, ան­կաս­կա՛ծ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­քին միաս­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը ե­ղաւ։ Ոչ միայն զո­հե­րուն եւ կո­րուստ­նե­րուն պատ­ճա­ռած կսկի­ծը, այ­լեւ՝ մէկ մար­դու պէս Ա­ղէ­տի Գօ­տիին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժը, մի­ջազ­գա­յին զօ­րակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր շղթա­յա­զերծ­ման հու­նով, քա­նի մը օ­րո­ւան մէջ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձուց աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հո­գե­կան եւ ֆի­զի­քա­կան կամր­ջու­մը։

Ա­ղէ­տէն ա­միս­ներ ա­ռաջ, Ար­ցա­խեան Շարժ­ման պոռթ­կու­մին հետ, հա­յաշ­խար­հը ի մի բե­րած պա­հան­ջա­տի­րա­կան միաս­նու­թիւ­նը բա­ռա­ցիօ­րէն կրցաւ, Ա­ղէ­տի Գօ­տիին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու իր զօ­րա­շար­ժով, ջնջել իր յաղ­թար­շա­ւը ար­գե­լա­կող սահ­մա­նագծում­ներն ու սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը։

Իր խո­րա­գոյն կսկի­ծին մէջ ան­գամ, 1988ի դեկ­տեմ­բե­րեան այդ օ­րե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դը Ղա­րա­բա­ղի միա­ցում պա­հան­ջեց եւ հա­մազ­գա­յին վճռա­կա­նու­թեամբ բռունցք բարձ­րա­ցուց։
Ա­հա՛ վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նը պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ բախ­տո­րոշ ամ­բողջ ճամ­բայ մը հար­թած ու կտրած է Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժէն աս­դին։ Հա­յաս­տան իր ար­ժա­նի տե­ղը տա­կաւ կը գրա­ւէ ա­զատ ու ան­կախ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ՝ յաղ­թա­հա­րե­լով ի­րեն պար­տադ­րո­ւող ա­մէն կար­գի ար­տա­քին, թշնա­մա­կա՛ն բո­լոր սեղ­մում­ներն ու ազ­գա­յին իր յաղ­թար­շա­ւը ար­գե­լա­կող փոր­ձող խո­չըն­դոտ­նե­րը։

Միա­ժա­մա­նակ, սա­կայն, ա­մէն տա­րի, Դեկ­տեմ­բեր 7ի այս օ­րը, աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծո­ւած ողջ հա­յու­թիւ­նը, ան­դար­մա­նե­լի կո­րուս­տի կսկծան­քով իր հա­յեաց­քը կը կեդ­րո­նաց­նէ Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժին տա­կաւ սպիա­ցող վէր­քե­րուն, այ­լեւ դեռ կոտ­տա­ցող ազ­գա­յին ցա­ւե­րուն վրայ։

Եւ բնու­թեան ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր ա­ղէտ­նե­րէն եւ թշնա­մա­կան մա­հա­ցու հա­րուած­նե­րէն ան­գամ յառ­նե­լու իր ազ­գա­յին անս­պառ կեն­սու­նա­կու­թեամբ՝ հայ մար­դը այ­սօր աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն մոմ մը կը վա­ռէ ոչ միայն Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժի անխ­տիր բո­լոր զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, այ­լեւ ա­նոնց հո­գի­նե­րու ան­դոր­րու­թեան ընդ­մէ­ջէն՝ վե­րապ­րող հա­յու­թեան ու­ղին լու­սա­ւո­րե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։