«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Վերականգնէ Մատաղիս Համայնքը


«ԱՐՑԱԽ»․- Հեռուստամարաթոն 2016ի ստանձնած Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման ծրագիրին համաձայն ` “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամը Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս համայնքին մէջ կը վերանորոգէ 34 բնակարան: Ծրագիրը կ´իրականացուի Հեռախօսամարաթոն 2016ին Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի հաւաքագրած հանգանակութիւններով եւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ:

Համայնքի վերականգնման աշխատանքները Մատաղիսի մէջ մեկնարկած են վերանորոգմամբ գիւղի դպրոցին, որ վնասուած էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն: Պատահական չէ, որ դպրոցը վերանորոգուեցաւ Թորոնթոյի մեր հայրենակիցներու միջոցներով, քանի որ 2005-2006 թուականներուն անիկա կառուցուած  էր նոյն այդ համայնքի ֆինանսաւորմամբ:

Թորոնթոբնակ անհատ բարերարն ալ մէկ շտապօգնութեան մեքենայ  նուիրաբերած է համայնքին:

Զուգահեռաբար Հիմնադրամը կը շարունակէ իր ընթացիկ ծրագիրները, ներառեալ` Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար տուներու կառուցումը եւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցումն ու կահաւորումը: