Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Յայտ Ներկայացուցած Են 5 Դաշինք Եւ 4 Կուսակցութիւն


ԵՐԵՒԱՆ, “Փանարմինըն”․- Փետրուար 16ին վերջ գտաւ Ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու առաջադրման գործընթացը. բոլոր կուսակցութիւններն ու դաշինքները ներկայացուցին իրենց ընտրացուցակները Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով:

Այսպիսով, ապրիլեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են 5 դաշինք եւ 4 կուսակցութիւն, ընդհանուր առմամբ, 1539 քաղաքացի կը ցանկայ դառնալ պատգամաւոր:

ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են՝ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը, «Ծառուկեան» դաշինքը, ԵԼՔ դաշինքը, Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան դաշինքը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, «Հայկական վերածնունդ»-ը, ՀԱԿ-ՀԺԿ դաշինքը, Կոմունիստական Կուսակցութիւնը, «Ազատ Դեմոկրատներ» եւ «Ազատութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքը։

Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան համամասնական ցուցակի առաջին 5 տեղերը կը գրաւեն Վիգէն Սարգսեանը, Տարօն Մարգարեանը, Արփինէ Յովհաննիսեանը, Արա Բաբլոյեանն ու Արմէն Ամիրեանը:

«Ծառուկեան» դաշինքի կազմին մէջ են ԲՀԿ-ն ու ժամանակին անկէն առանձնացած, հիմա` վերամիաւորուած Տիգրան Ուրիխանեանի «Ալեանս» կուսակցութիւնը: Ցուցակը կը գլխաւորէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը, երկրորդը «Ծառուկեան դաշինք»-ի նախընտրական շտապի պետ, Վերահսկիչ պալատի նախկին նախագահ Իշխան Զաքարեանն է, երրորդը՝ Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեանը, չորրորդը՝ Վարդան Բոստանջեանը, հինգերորդը` ԲՀԿ պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեանը:

Ելք-ը երէք ընդդիմադիրներու դաշինք է եւ կը միաւորէ «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները: Համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Էդմոն Մարուքեանը, ցուցակի երկրորդ տեղը Արամ Սարգսեանն է, երրորդը` Նիկոլ Փաշինեանը:

Սէյրան Օհանեան-Րաֆֆի Յովհաննիսեան-Վարդան Օսկանեան դաշինքի 148 հոգինոց ցուցակը կը գլխաւորէ նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: 2-րդը՝  «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն Արմէն Մարտիրոսեանն է, երրորդը` Վարդան Օսկանեան, չորրորդը Էլինար Վարդանեան: Դաշինքի առանցքային դէմքերէն մէկը` «Ժառանգութեան» հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեանը, կը գրաւէ ընդամէնը 11-րդ տեղը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ցուցակի առաջին հնգեակը ունի հետեւեալ տեսքը` Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան, Դաւիթ Լոքեան, Արմէնուհի Կիւրեղեան եւ Լեւոն Մկրտչեան:

Վերածնուած Օրինաց Երկիր Կուսակցութեան ցուցակին մէջ անակնկալներ չկան. կուսակցութեան համամասնական ընտրացուցակը կը գլխաւորէ Արթուր Բաղդասարեանը: Երկրորդը  ԱԺ ՕԵԿ խմբակցութեան քարտուղար Մհեր Շահգելդեանն է, երրորդը` խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեանը, չորրորդ եւ հինգերորդը` պատգամաւորներ Յովհաննէս Մարգարեան ու Իշխան Խաչատրեանը:

«Ազատ դեմոկրատներ»-ու ցանկը կը գլխաւորէ Խաչատուր Քօքոբելեանը, անոր կը յաջորդեն` Հրանտ Բագրատեանը, Ստեօպա Սաֆարեանը, Անահիտ Բախշեանը, Մասիս Այվազեանը:

«Հայ ազգային կոնգրէս» կուսակցութեան եւ «Հայաստանի ժողովրդական» կուսակցութեան դաշինքի համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ ՀԱԿ առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: Ցուցակի երկրորդ տեղը Ստեփան Դեմիրճեանն է, երրորդը` Լեւոն Զուրաբեանը, այնուհետեւ` Զոյա Թադեւոսեանը, Արամ Մանուկեանը, Գագիկ Ջհանգիրեանը:

Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Տաճատ Սարգսեանը, երկրորդը Վազգէն Սաֆարեանը, ապա` Գագիկ Մանուկեանը, Մառա Շահինեանը, Համլէտ Դանիէլեանը:

Քարոզարշաւը պիտի մեկնարկէ Մարտ 5ին: