Գիւտ խաչի տօնը եւ անոր խորհուրդը


Տարօն սրկ. Հալլաճեան 

Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին նշեց Գիւտ խաչի տօնը։ Հայ եկեղեցին տարուան ընթացքին կը նշէ չորս տօներ, որոնք նուիրուած են Սուրբ խաչին` Երեւման սուրբ խաչ, Խաչվերաց, Վարագայ սուրբ խաչ, եւ Գիւտ խաչի տօները։ Տէրունի տօներու խումբին կը պատկանին վերոյիշեալ չորս տօները, որոնցմէ Վարագայ սուրբ խաչը իւրայատուկ է Հայոց եկեղեցւոյ համար։ 

Գիւտ խաչի տօնը կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին գիւտը, որ տեղի ունեցաւ 326 թուականին։ Ըստ աւանդութեան, Հեղինէ կայսրուհին, որ Կոստանդիանոս կայսրին մայրն էր, կ՚ուխտէ Երուսաղէմ երթալ, որպէսզի գտնէ Տիրոջ խաչափայտը։ Հոն կը հանդիպի Յուդա անունով հրեայի մը, որ կ՚օգնէ դշխուհիին իր գիւտին մէջ։ Կը պարզուի, որ Գողգոթայի մօտ, աղբակոյտի մը տակ կը յայտնաբերուին երեք խաչեր. Քրիստոսի եւ երկու աւազակներուն խաչափայտերը։ Այդ պահուն, ճարահատ թէ ի՞նչպէս պիտի կարողանային ճշդել Փրկիչին խաչը, սգաւորներ կ՚անցէին մահացած պատանի մը թաղելու համար։ Կը բերեն այդ պատանին խաչերուն մօտ եւ երբ կը մերձենայ ճշմարիտ խաչափայտին, ան յարութիւն կ՚առնէ եւ այսպէս կը պարզուի, թէ որ խաչը Քրիստոսի խաչն էր։ 

Մեր եկեղեցւոյ հայրերը սքանչելի ձեւով ընդելուզած են աստուածաբանականը եւ պատմագրականը այս տօնին շուրջ։ 

Տօնին մեղեդին, որ կ՚երգուի պատարագի ժամանակ, հետեւեալը կ՚ըսէ․ 

«Այսօր խաչափայտն սուրբ, յայտնեալ ձեռամբն Յուդայի, Որ էր նա եղբօր որդի սրբոյն Նախավկայի»։ 

Գիւտ խաչի մեղեդիին մէջ, նկատառելի է որ «նախավկայի» բառը գլխագիր «Ն»ով կը գրուի։ Ուստի կրնանք ենթադրել, թէ սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի հետ ազգականական կապը կը ջանան շեշտել մեր եկեղեցւոյ հայրերը այստեղ։ Օրուան օրհնութիւն, Հարց, Մեծացուսցէ, Ողորմեա եւ Տէր յերկնից շարականները նաեւ կը ցայտեցնեն պատմագրական իրադարձութիւնները այս տօնին հետ առնչուած։ Ուշագրաւ է, թէ պատմութիւնը կ՚աւանդէ, որ այդ օրուան հաւաքուած հաւատացեալները, որոնք վկայեցին դէպքը, իրենց հրճուանքէն եւ երկիւղէն մղուած, խունկեր ծխեցին ու ցնծացին շնորհիւ յարուցեալ պատանւոյն եւ ճշմարիտ խաչափայտի գիւտին։ Մեր եկեղեցւոյ հայրերը, նկատի ունենալով այս պատմական տուեալը, օրուան «Հարց» շարականին երրորդ տունին ընթացքին սահմանած են ծիսական արարողութիւն մը, երբ հանդիսապետող եկեղեցականը, սարկաւագները, եւ դպիրները՝ խաչով եւ մոմերով, թափօր կը կազմեն եւ եկեղեցւոյ շուրջը կը դառնան՝ հանդիսաւորող հոգեւորականը խնկարկելով։ Այս ծէսը կը կատարուի իբրեւ յիշատակ այն ցնծութեան, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ երկրին մէջ չորրորդ դարուն ընթացքին։ 

Գիւտ խաչի տօնը այսօր մեզի համար ինչո՞ւ կարեւոր է։ Կարեւոր է, քանի որ հաւատքի նկատմամբ իւրայատուկ երկիւղ եւ մօտեցում կը խորհրդանշէ։ Հեղինէ կայսրուհին նպատակադրելով եւ ուխտելով Տիրոջ խաչափայտը յայտնաբերելը, իր բարի առաքելութեան մէջ կը յաջողի, սակայն ան չէ որ կը փառաւորուի, այլ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս։

Այսօր արդեօ՞ք աղօթքով կը դիմենք, որպէսզի գտնենք մեր կեանքերէն ներս դժուար հարցերու պատասխանները։ Մատթէոսի աւետարանին մէջ գրուած է․ «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի»։ Ուստի, սիրելի՛ հաւատացեալներ, եկէ՛ք Գիւտ խաչի տօնով, ներհայեցողական ակնարկով, քննենք մեր սրտերը։ Եթէ մեր նպատակը բարին է, Տէրը վստահաբար պիտի օրհնէ։ Հետեւաբար, չդադրինք բարի գիւտեր կատարելէ, միշտ ունենալով խաչը որպէս «զէն յաղթութեան» եւ «գաւազան զօրութեան»։ 


Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2022-ին Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցին, Սբ. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցին եւ Սբ. Գրիգոր լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցին նշեցին Գիւտ խաչի տօնը. տեսանիւթերու եւ լուսանկարներու յղումները ստորեւ՝

Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցի (ուղիղ հեռարձակում)

Թորոնթոյի Սբ. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցի (ուղիղ հեռարձակում)

Թորոնթոյի Սբ. Գրիգոր լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցի (լուսանկարներ)