«Վերելք» ծրագրի աջակցութեամբ՝  Նարինէն եւ Իննան արցախեան նուէր-տուփերով գնորդին մտովի կը տեղափոխեն Արցախ


Ծանօթացէ՛ք անցնող շաբաթ Արցախի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կարեւոր իրադարձութիւններուն։

— «Ռուսիան երկար տարիներ Հայաստանին կ’առաջարկէր Ղարաբաղի հարցը լուծել 5 շրջանները, ուրկէ մարդիկ դուրս եկած էին, Պաքուին վերադարձնելու ճամբով, սակայն Երեւանը գնաց իր ճամբով», 27 Հոկտեմբերին «Վալտայ» ակումբի ժողովի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Ան պնդեց, թէ արդար պիտի ըլլար գաղթականները վերադարձնելը, եւ ատիկա լաւ քայլ պիտի ըլլար շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: «Սակայն Հայաստանի ղեկավարութիւնը իր ճամբով գնաց: Ինչպէս գիտէք, ատիկա յանգեցուց այն կացութեան, որ այսօր ստեղծուած է», ըսաւ Փութին։

Ան շեշտեց, որ ինչ տարբերակ ալ ընտրուի, եթէ անիկա պիտի տանի խաղաղութեան, Ռուսիա միայն կողմ է: «Մենք չենք պատրաստուիր որեւէ բան պարտադրելու, չենք կրնար եւ չենք պատրաստուիր Հայաստանին որեւէ բան թելադրելու», նշեց ան:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադառնալով Փութինի նշեալ յայտարարութեան, ըսաւ, որ անիկա որոշ յոյսեր կը ներշնչէ։ «Հաշուի առնելով առկայ մարտահրաւէրներն ու սահմանափակ հնարաւորութիւնները, ռուսաստանեան առաջարկները առաւելապէս կը համապատասխանեն այն նուազագոյն չափանիշներուն, որոնք թոյլ կու տան ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը եւ կասկածի տակ չեն դներ անոր ապագան: 

Յոյսով ենք, որ 31 Հոկտեմբերին կայանալիք եռակողմ գագաթնաժողովի արդիւնքով կը յաջողի ամրապնդել այն տարրերը, որոնք կը վերաբերին Արցախի ճակատագրին: Առաջին հերթին, խօսքը կը վերաբերի Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութեան անժամկէտ երկարաձգման, երկրորդ առանցքային կէտը Արցախի առնուազն ներկայիս կարգավիճակի պահպանումը կը հանդիսանայ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Արցախի խորհրդարանի քաղաքական բոլոր ուժերը Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին, պիտի գումարեն արտակարգ նիստ եւ հանրահաւաք մը, ուր Արցախը՝ միջազգային բոլոր դերակատարներուն, որոնց կարգին Հայաստանին, պիտի ներկայացնէ իր յստակ դիրքորոշումը, մասնաւորապէս շեշտելով, որ Արցախը ոչ մէկ պարագային Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի ըլլայ

27 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած նիստին ժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց, որ Հայաստանի պետական պիւտճէէն Արցախի կառավարութեան պիտի տրամադրուի 20 միլիառ դրամ միջպետական վարկ:

«Միջպետական վարկը Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան  կը տրամադրուի տարեկան 0.01 տոկոս տոկոսադրոյքով, մինչեւ 1 Յունուար 2026-ը։ Գումարը պիտի տրամադրուի՝ 2020-ի պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած բնակիչներու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակելի տուներու կառուցման եւ կահաւորման, ինչպէս նաեւ դրամատուներու հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններու ֆինանսաւորման համար», կ’ըսուի որոշումին մէջ:

— 23 Հոկտեմբերին, Ասկերանի Աստղաշէն համայնքին մէջ կազմակերպուեցաւ «Գուպար» ազգային աւանդական խաղերու մրցոյթը՝ «Պատմական միջավայրի պահպանութեան» եւ  «Դիզակ արտ» կազմակերպութիւններուն կողմէ եւ աջակցութեամբ՝ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան:

Երրորդ անգամ կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցեցան Ասկերանի, Մարտունիի, Մարտակերտի, Հադրութի, Քաշաթաղի եւ Շուշիի եւ Շահումեանի շրջանները ներկայացնող 7 խումբ: Մրցոյթին յաթողները արժանացան դրամական պարգեւներու։

«Դիզակ Արտ»-ի տնօրէն Երազիկ Հայիրեանը տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ վերջին տարիներուն աշխոյժութիւն կայ ազգային աւանդական խաղերու վերականգնումին շուրջ: Պետական ծրագիրով յաճախ կը կազմակերպուին ազգային աւանդական խաղեր, որոնք իւրօրինակ ձեւ են՝ համախմբելու երիտասարդները ազգայինի պահպանման գաղափարի շուրջ, մասնակիցներուն հնարաւորութիւն տալու փոխանակել իրենց փորձը, ստեղծելու միջհամայնքային կապեր եւ համագործակցութեան հիմքեր։

— 24 Հոկտեմբերին Մարտունի շրջանի Ճարտար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ բարերար Վլադիրմիր Աւագեանի կողմէ կառուցուած մարզահամալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պետական պաշտօնեաներ:

Բարերար Աւագեանի` «Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամ»-ի ծրագիրներով վերջին տարիներուն Արցախի մէջ իրականացուած է շուրջ տասը միլիոն տոլարի բարեգործական նախագիծեր: Մարզահամալիրի հիմնումը կարեւոր գործօն է երիտասարդ սերունդին ապահովել առողջ ապրելակերպ եւ յագեցած առօրեայ:

— ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակի «Վերելք» ծրագրի աջակցութեամբ, արցախցի երիտասարդուհիներ՝ Նարինէ Յովհաննիսեանն ու Իննա Բաղրեանը ունին իրենց անձնական գործը։ Անոնք արցախեան ապրանքատեսակներու իւրայատուկ փաթեթաւորմամբ նուէր-տուփեր կը պատրաստեն։ Արդէն 7 ամիս շուկայի մէջ իր տեղը ունեցող նուէր-տուփերը, բացի Հայաստանէն եւ Արցախէն, կը վաճառուին աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Դանիա, Ամերիկա, Պարսկաստան եւ Շուէտ:

Նարինէն «Արցախպրես»-ին յայտնեց, որ գործի իրենց ծրագիրը իրականութիւն դարձած է «Վերելք»-ին շնորհիւ։ Նախ ձեռք բերած են գործի համապատասխան գիտելիքներ, ապա անոնք համալրած են գործնական հմտութիւններով, իսկ 3-րդ փուլով արդէն ֆինանսական աջակցութիւն ստացած են։ «Ինքնատիպ փաթեթաւորմամբ իւրաքանչիւր տուփ կը ներառէ 10 տարբեր արտադրողներու ապրանքատեսակներ: Տարուան եղանակներուն համապատասխան տուփերուն պարունակութիւնը կը փոփոխուի, որպէսզի արտերկրի շուկային մէջ կարենանք ներկայացնել Արցախի լաւագոյն արտադրութիւնները, որոնք Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն մտովի կը տեղափոխեն Արցախ», նշած է 22-ամեայ երիտասարդ ձեռներէցը։

Ըստ անոր՝ պատերազմը իրենց ստիպեց հասկնալ ու արժեւորել հայրենիքն ու հերոս հայորդիներու կեանքի գնով պահուած հողը, այդ իսկ պատճառով ուզեցին Արցախի շէնացման գործին մէջ ներդրում ունենալ։

—  28 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ կազմակերպուեցաւ գրական ցերեկոյթ` նուիրուած արեւմտահայ գրականութեան՝ «Արեւմտահայ գրողների հետ» խորագիրով: Համալսարանի տնօրէն Վարդան Յակոբեանի համոզում յայտնեց, որ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միասնութիւնը պիտի տանի դէպի ազգային միաբանութեան:

Համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամբիոնի վարիչ Զինաիդա Բալայեանի խօսքով` Արեւմտեան Հայաստանը հայոց աշխարհի սիրտն է, հայ գրականութեան մայրը, որ ոգեղէն լիցք կը հաղորդէ ու կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան անցումները` պատմագեղարուեստական նկարագրումներով: Գրական ցերեկոյթի ընթացքին ուսանողները ասմունքեցին արեւմտահայ բանաստեղծներու գործերէն:

—27 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի պատկերասրահին էջ տեղի ունեցաւ կամերային երաժշտութեան փառատօն, երբ Արցախի պետական երգչախումբը ներկայացուց հայ եւ օտար անուանի երաժիշտներու ստեղծագորութիւններ։

Արցախի պետական երգչախումբի խմբավար Նինա Գրիգորեանի խօսքով՝ իրենք ամէն ամիս հանդէս կու գան այսպիսի միջոցառմամբ: Առաջին ծրագիրը պարոքքօ էր` վերածնունդ, երկրորդը` դասական, իսկ ասիկա նուիրուած է ռոմանթիք երաժիշտներուն:

Արցախի պետական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Արմինէ Եախշիեանի խօսքով՝ երգչախումբը բազմաթիւ համերգներ կու տայ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ: Աշակերտներու համար կը մատուցանեն Կոմիտաս, որպէսզի անոնք ճանչնան վարդապետը ու հայկական դասական երաժշտութեան ակունքները:

Իրենք՝ Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի եւ Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանի սաներուն հետ միասին հանդիսատեսին կը ծանօթացնեն դասական արուեստը, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տան  կտրուելու առօրեայ հոգերէն։

— 29 Հոկտեմբերին, Արցախի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին նուիրուած «Գիտութեան եւ կրթութեան դերը պետութեան զարգացման գործում» թեմայով միջազգային գիտաժողովը:

 Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան իր բացման խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց գիտութեան եւ կրթութեան ներուժի զարգացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային գիտական, վերլուծական, կրթական հաստատութիւններու հետ կապերու ամրապնդումը, փորձի փոխանակումը։

Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի տնօրէն, փրոֆ․ Դոնարա Գաբրիէլեան ընդգծեց, որ կրթութիւնն ու գիտութիւնը պետութեան ու տնտեսութեան զարգացման գրաւականն են:

Գիտաժողովին մասնակցեցան եւ զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր համալսարաններու դասախօսներ, փրոֆեսորներ, ինչպէս նաեւ գիտնականներ Ռուսիայէն, Հարաւային Օսէթիայէն` առցանց ձեւաչափով: