ԳՀԱԸ-ը ու անոր նախագահ Միհրան Ճիզմէճեանը պատուուեցան Նիւ Ճըրզիի մէջ


22 Հոկտեմբեր 2022-ին, Նիւ Ճըրզիի Փարամուս քաղաքին մէջ պատուուեցան Գանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) եւ անոր երկարամեայ նախագահ, թորոնթոհայ Միհրան Ճիզմէճեանը:

Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 103-րդ տարեկան հանդիպում-կոչունքի ընթացքին՝ ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի ձեռամբ: ԱՀԱԸ-ի կեդրոնատեղին կը գտնուի Փարամուսի մէջ:

«Պրն. Ճիզմէճեան անխոնջ կերպով ծառայած է ԳՀԱԸ-ին քանի մը տասնամեակ: Շնորհիւ իր հաւատարիմ ծառայութեան եւ ղեկավարութեան, ԳՀԱԸ-ը անհրաժեշտ օժանդակութիւն, հանգիստ եւ ուրախութիւն բերած է մեր հայրենակիցներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ», ԳՀԱԸ-ը յայտնեց իր հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

ԳՀԱԸ-ը նաեւ իր տնօրէններու խորհուրդին ու անդամներուն անունով գնահատած է Գանատայի եւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւններու երկարամեայ գործակցութիւնը:

Ճիզմէճեան ծնած ու մեծցած է Հալէպ, ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ բեղուն գործունէութիւն է ծաւալած կրթական-եկեղեցական-մշակութային բնագաւառներէն ներս: Եղած է ուսուցիչ ու տնօրէն, հրապարակագիր, դասախօս՝ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, Գանատա եւ Հայաստան: Ան հեղինակ է յօդուածներու եւ քանի մը գիրքերու:

Գանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գաղափարի յղացման նիստը տեղի ունեցած է Մայիս 1982-ին, Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ՝ ԱՀԱԸ-ի օրինակով: ԳՀԱԸ պաշտօնապէս ծնունդ առած է 7 Մարտ 1984-ին։ Գանատայի պետութիւնը 7 Սեպտեմբեր 1984-ին ընկերակցութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն: