Արիս Պապիկեան կը շնորհաւորէ Քէպէքի երեք նորընտիր հայ երեսփոխանները


Նահանգային խորհրդարանի անդամ՝ թորոնթոհայ Արիս ­Պա­պի­կեան (Սքարպորօ-Էյճինքորթ) Քէպէքահայ երեք նորընտիր հայ երեսփոխաններուն շնորհաւորագիր մը յղած է:

Քէպէքի Հայ դատի յանձնախումբի զօրակցած երեք հայազգի թեկնածուները՝ Միշէլ Սեթլաքուին (Parti Libéral du Québec), Սելին Հայթայեանն (Coalition Avenir Québec) ու Սոնա Լախոյեանը (Parti Libéral du Québec) 3 Հոկտեմբերին կայացած նահանքային ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած են:

«Այս յաղթանակը յատկանշական է Գանատայի Քեպէք նահանգին մասնաւորապէս եւ համայն հայութեան ընդհանրապէս», գրած է Պապիկեան երեք քէպէքահայ երեսփոխաններուն ուղղուած նամակին մէջ:

Պապիկեան նաեւ յայտնած է որ ան ու իր աշխատակազմը միշտ պատրաստ են նեցուկ կանգնելու եւ օժանդակելու նորընտիր երեսփոխաններուն։

Սոնա Լախոյեան աւարտած է Քոնքորտիա համալսարանի քաղաքական գիտութեանց ճիւղը եւ նոյն համալսարանէն տիրացած է հանրային կառավարման մագիստրոսի վկայականին։ Եօթը տարի եղած է Լաւալ քաղաքի կրթական յանձնաժողովի անդամ։ Գործօն մասնակցութիւն ունի հայ համայնքէն ներս, իր ծառայութիւնները մատուցելով ՀՄԸՄ-ին եւ Հայ դատի յանձնախումբին։ Լոթո Քէպէքի պաշտօնեայ է։

Սելին Հայթայեան տնտեսութեան զարգացման մասնագէտ է եւ «Հարւըրտ պիզնըս ռիվիու»-ի խորհրդատու։ Ubisoft ընկերութեան միջազգային յարաբերութեանց տնօրէնն է։ 7 տարի պաշտօնավարած է Մոնթրէալի քաղաքապետութեան մէջ։ ՄգԿիլ համալսարանէն ներս ուսանած է իրաւագիտութիւն։ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի  շրջանաւարտ է։

Իրաւաբան Միշէլ Սեթլաքուի հինգ տարի եղած է Մոնթ ռոյալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 2021-ին առաջադրած է իր թեկնածութիւնը որպէս Մոնթ ռոյալի քաղաքապետ, սակայն չէ յաջողած։ Որպէս իրաւաբան՝ իր մասնագիտական վկայականը ստացած է Մոնթրէալի համալսարանէն։ Միշէլ Սէթլաքուիի հօրեղբայրն է ծերակուտական Ռէյմոն Սեթլաքուի (1928-2021), որ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Գանատայի ծերակոյտի եւ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծերու վաւերացման աշխատանքներուն գծով։