Լիբանանահայ Պետրոս ընտանիքը
Սալբի Սաղտըճեան
Դրան շեմին լիբանանահայ Հրաչ եւ Ծովիկ Պետրոսի ընտանիքի չորս անդամները բարեհամբոյր ժպիտով զիս կը հրաւիրեն իրենց նոր վարձած տունը: Անոնք Երեւան ժամանած են Պէյրութի ահաւոր պայթումէն ընդամէնը մէկ շաբաթ ետք` Օգոստոս 11-ին:
Ընտանիքի երեք անդամները պայթումի ժամանակ Պուրճ Համուտի իրենց տունն էին, երբ յանկարծ ջարդուփշուր եղան տան ապակիները` թափելով պատուհանին տակ պառկած Ցոլերի ոտքերուն: Ցոլեր վիրաւորուեցաւ, բայց անոր մտահոգութիւնը ոչ թէ վէրքերն էին, այլ այդ վիճակը, որ կրնար խանգարել իրենց նախապէս ծրագրած Հայաստան գալուն:
Պայթումին շատ ծանր ցնցում ապրած ընտանիքը դեռ չէ թօթափած այդ պահի սարսափը: «Վերջապէս եկանք,- խոր շունչ քաշելով կ’ըսէ Ծովիկ եւ կ’աւելցնէ,- Երբ Հայաստան հասանք, կարծես նոր ծնանք, որով դեռ շոքի մէջ էինք»:
Ինչո՛ւ նախընտրեցիք Հայաստան գալը հարցումիս` Ծովիկ դիտել կու տայ, որ իրենք կ’ուզեն իրենց զաւակները հայ մեծնան: «Մենք Պէյրութի մէջ կ’ապրէինք հայկական միջավայրի մէջ, ես հայկական դպրոցի մէջ կը դասաւանդէի, իսկ զաւակներս հայկական դպրոց կը յաճախէին», կ’ըսէ ան նկատել տալով` եթէ ուրիշ տեղ երթային, մեծ հաւանականութեամբ, զաւակները պիտի օտարանային:
Առաջին անգամ անոնք Հայաստան եկած են անցեալ ամառ: Անոնք շատ հարազատ գացինք եւ շատ սիրեցին: Որոշեցին իրենց որդին` Պետիկը, Երեւանի մէջ համալսարան արձանագրել եւ վերադառնալ Լիբանան: Վերջին ամիսներուն անկայուն եւ ծանրացող վիճակը ստիպեցին, որ մտածեն դուրս գալ երկրէն եւ միանան իրենց որդիին:
Նկարագրելով պայթումին աւերուածութիւնը եւ պատճառած վնասը, Ծովիկ կը յիշէ 1978-ի պատերազմը, երբ դեռ ինք փոքր էր: «Բայց այս մէկը շատ աւելին էր քան պատերազմը, որովհետեւ ամէն ինչ մէկ ակնթարթի մէջ պատահեցաւ», կ՛ըսէ ան: Ամէն տեղ փշրուած ապակիներ, փլատած շէնքեր, վիրաւոր եւ անօգնական մարդիկ․․․ անոնք փլատակ տունէն դուրս ելան վերցնելով միայն կարեւոր իրերն ու փաստաթուղթերը: Վերջին օրերուն մնացին ազգականի տուն` մինչեւ թռիչքին օրը:
Ըստ անոնց` Հայաստան հաստատուիլ ցանկացողներ շատ կան: Հեռաձայնային վերջին խօսակցութեան ընթացքին` Հրաչի եղբայրն ու քոյրը նոյնպէս նշած են, թէ իրենք ալ արդէն լուրջ կը մտածեն Հայաստան գալու մասին:
Լիբանանահայ ընտանիքը հայրենիքի մէջ շատ գոհ ու երջանիկ է: «Մինչեւ հիմա ամէն ինչ լաւ է, տանտէրն ալ շատ լաւ անձ է», կը նշեն անոնք: 17-ամեայ Ցոլեր արդէն դպրոց կը յաճախէ: Դպրոցին առաջին օրը զինք շատ լաւ ընդունած են ե՛ւ ուսուցիչները ե՛ւ տնօրէնութիւնը: Իսկ Պետիկը, որ արդէն մէկ տարիէ Հայաստան է, ընտելացած է այստեղի կեանքին: Ան կը նշէ, որ, համեմատած Լիբանանի, հոս կեանքը շատ աւելի ապահով է ու օրինաւոր:
Ներկայիս անոնց ամենամեծ մտահոգութիւնը աշխատանքի հարցն է: Հրաչ շատ հմուտ դերձակ է: Այնտեղ կանանց հագուստի կարի արտադրամասի մը մէջ կ’աշխատէր, բայց Մարտէն ի վեր անգործ է: Հիմա փնտռտուքին մէջ է, կը դիմէ տարբեր տեղեր գործ գտնելու ակնկալութեամբ: Տակաւին պետական կառոյցներէ որեւէ օգնութեան առաջարկ չեն ստացած: Մտահոգ են տան վարձքը ապահովելու խնդրով. «Հիմա քանի մը ամիսով վարձը ապահոված ենք, բայց յետոյ չենք գիտեր», կ’ըսեն:
* * *
Կապ հաստատեցինք Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ տեղեկութիւն ստանալու Հայաստան ժամանած լիբանանահայերու թուաքականին եւ կառավառութեան կողմէ ժամանող ընտանիքներուն ՀՀ կառավարութեան կողմէ տրամադրուող օժանդակութեան մասին: Մեզի հետ զրոյցի ընթացքին` Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան նշեց, որ Յուլիս 14-էն վերականգնուած Երեւան-Պէյրութ-Երեւան չուերթներով մինչեւ Օգոստոսի վերջը տեղի ունեցած թռիչքներով Հայաստան ժամանած են մօտ 1400 լիբանանահայեր:
Հայաստան հաստատուիլ ցանկացող լիբանանահայերուն օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով` Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի գրասենեակը մշակած է աջակցութեան փաթեթ ծրագիր, որուն մէջ ներառուած են սոցեալ-տնտեսական, առողջապահութեան, կրթական, հարկերէ եւ տուրքերէ ազատման միջոցառումներ: Ըստ Ալեքսանեանի` օրինագիծը դեռեւս կառավարութեան մօտ է եւ վերջնական չէ ընդունուած, բայց մինչ այդ Սփիւռքի Յանձնակատարի գրասենեակի միջոցներով որոշ կազմակերպութիւններ, բժշկական հաստատութիւններ կ’առաջարկեն իրենց օգնութիւնը սփիւռքահայերուն: Անձիք իրենց ազատ բնակարանը կը տրամադրեն, բժշկական տարրալուծարաններ յարմար գիներով քննութիւններ կ’ընեն, մասնաւոր մանկապարտէզներ իրենց ծառայութիւնը կ’առաջարկեն լիբանանահայերուն:
Ան կը յայտնէ, որ Հայաստան հաստատուելու ցանկութիւն յայտնողներ շատ կան, բայց ֆինանսական դժուարութիւններ ունին: Մինչ այժմ Հայաստանի ժամանողները եկած են ինքնուրոյն, իրենց անձնական միջոցներով, միայն երեք օդանաւներով, որոնք մարդասիրական օգնութիւն տարած են Լիբանան, անվճար Հայաստան եկած է 100 լիբանանահայ:
Վերջերս Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ մշակուած փաթեթը ուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստան ժամանող լիբանանահայերու կողմէ այստեղ երկարատեւ բնակութիւն հաստատելուն եւ Հայաստանի կառավարութեան նպատակն է այնպէս ընել, որ Լիբանանէն հեռացող հայերը հաստատուին Հայաստան: