“Թերթ”․- Գանատայի Համայնքներու պալատի պատգամաւոր Թոնի Քլեմընթ Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրուան (Դեկտեմբեր 10-ին) առիթով ելոյթ ունեցած է խորհրդարանին մէջ` անդրադառնալով Արցախին։
Նշենք, որ Գանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով խօսուած է Արցախի մասին:
Պաշտօնեան ընդգծած է, որ թէեւ այժմ առկայ են մարդու իրաւունքներու ոտնահարման` բարձրաձայնման արժանի բազմաթիւ դէպքեր, այնուհանդերձ` ինք կ՛ուզէ առանձնացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը:
Ան յիշեցուցած է, որ այս ամառ «Մէկ ազատ աշխարհ» միջազգային կազմակերպութեան հետ ուղեւորուած է Արցախ ու անձամբ ուսումնասիրած, իր իսկ ձեւակերպումով, «խաղաղութեան տենչացող ժողովուրդին» նկատմամբ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման սարսափելի դէպքերը:
«Մենք հանդիպած ենք որդեկորոյս մայրերու, զինծառայողներու ու հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած այլ մարդոց: Ես ականատես եղած եմ անպատմելի սարսափներու», նշած է Քլեմընթ:
Պատգամաւորը իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ կը ցանկայ տեսնել խաղաղ ու բարգաւաճող Արցախ, ուր մարդիկ կրենան կողք կողքի ապրիլ հարեւաններու` որոնց մէջ նաեւ Ազրպէյճանի հետ:
Քլեմընթ յիշեցուցած է, որ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը կ՛իրականացուի Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) միջոցով, որուն կ՛անդամակցի նաեւ Գանատան:
«Ուստի` կոչ կ՛ընեմ կառավարութեան դատապարտելու տարածաշրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումն ու աշխատելու հակամարտութեան յետագայ սրացումը կանխելու ուղղութեամբ», ելոյթը եզրափակած է քաղաքական գործիչը:
Յայտնենք նաեւ, որ «Մէկ ազատ աշխարհ» միջազգային կազմակերպութիւնը աւարտած է քառօրեայ փաստահաւաք առաքելութիւնը Արցախի մէջ: Կազմակերպութեան նպատակն էր հաւաքել եւ ուսումնասիրել 2016ի Ապրիլին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը:
Օգոստոս 30էն Սեպտեմբեր 2 Գանատայի Համայնքներու պալատի պատգամաւորներ Թոնի Քլեմընթ եւ Ռաչըր Եարտեր «Մէկ ազատ աշխարհ» միջազգային կազմակերպութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մաճետ ալ Շաֆիի գլխաւորութեամբ այցելած էին Արցախ:
Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցի ծիրէն ներս հիւրերը եղած են առաջնագիծ, այցելած Թալիշ գիւղ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած 2016ի Ապրիլին ազրպէյճանական զինուած ուժերու կատարած վայրագութիւններուն առնչուող փաստերուն, որոնք արձանագրուած են Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի կատարած փաստահաւաք առաքելութեան ջանքերով: