“Տէրեան” ճաշարանը
“Սուիրահայերը շատ աշխոյժ են, աշխատասէր ու պատասխանատու: Անոնք աշխատանքի նկատմամբ նոր մշակոյթ, նոր վերաբերմունք բերին Հայաստան”․ Հրանուշ Յակոբեան
Սալբի Սաղտըճեան
Երեւանի Բիւզանդ փողոցի վրայ գտնուող “Տէրեան” ճաշարանի մուտքին զիս մը դիմաւորէ տիկ․ Գոհար Ազլեանը, որ սիրալիր եւ ջերմ ժպիտով կ՛առաջնորդէ ներս: Հակառակ իր փոքրութեան ու ներքին կահաւորումի ոչ աչքի զարնող ճոխութեան` ճաշարանը ներս մտնողին կը փոխանցէ յատուկ ջերմութիւն եւ հանգստութիւն:
Տիկ․ Գոհարին ու անոր որդիին` Յակոբ Ազլեանի հետ սուրճի եւ արեւելեան համեղ անուշեղէնի մը շուրջ կը ծաւալի մեր մտերմիկ զրոյցը` ընտանեկան ճաշարանային գործին, իրենց յաջողութեան եւ Հայասանի մէջ ունեցած փորձառութեան մասին:
Հալէպահայ Ազլեան եւ Համմալեան ընտանիքներու հիմնած Տէրեան” ճաշարանը Երեւանի մէջ մեծ ճանաչում ունի իր արեւելեան համեղ ճաշերով եւ այնտեղ այցելած հանրայայտ հիւրերուն շնորհիւ:
Երկու խնամի ընտանիքները Հայաստան տեղափոխուած են 2012-ի վերջը եւ կարճ ժամանակ անց` Գոհար Ազլեանի եւ Վերժին Համալեանի քաջալերանքով` Տէրեան փողոցի վրայ, փոքրիկ տեղ մը վարձելով, սկիզբ դրած են իրենց գործին: “Մամաներն ու պապաները իրենց աշխատանքով, իրենք իրենց ձեռքերով սկսան սէնտուիչներ պատրաստելու”, կը պատմէ Յակոբը:
Գոհարին եւ Վերժինին շատեր հարց կու տան, թէ Հալէպի մէջ ասիկա՞ եղած է իրենց գործը․ “Մենք ալ կ՛ըսենք` ո՛չ, տունը ինչ որ մեր զաւակներուն կը պատրաստենք, հոս ալ նոյնը կը պատրաստենք” Անոնք Հալէպի մէջ կը զբաղէին լրիւ այլ գործերով: Ազլեանները երկաթի ձուլարան ունէին, իսկ Համալեանները` ինքնաշարժի պահեստամասերու վաճառական էին:
Սկիզբնական շրջանին դժուար էր, միջավայրը ուրիշ էր, տեղացիք ծանօթ չէին արեւելեան համեմուքներուն, ճաշերուն, բայց ժամանակի ընթացքին անոնց պատրաստածը մեծ ընդունելութիւն գտաւ` նպաստելով յաճախորդներու թիւի աճին: Նախ սուրիահայերը սկսան գալու, ապա կամաց-կամաց վայրը սիրելի դարձաւ նաեւ տեղացիներուն: Վեց ամիս ետք` տարածքը ընդլայնեցին ու վերածեցին ճաշարանի: Բայց պահանջարկին համամատ տեղը դարձեալ փոքր էր, շատեր կ՛ուզէին իրենց հանդիսութիւնները եւ հանդիպումները այնտեղ ընել: Եւ այսպէս, 2016-ին, անոնք բացին “Տէրեան”ի երկրորդ մասնաճիւղը` Բիւզանդ փողոցի վրայ: “Սփիւռքահայերը սկսան իրենց առիթները մեր մօտ նշելու: Ամառները սփիւռքը հոս կը հաւաքուի` հարսանիք, նշանտուք, կնունք ընելու… Հիմակուընէ արդէն ամրագրումներ ունինք”, կը տեղեկացնէ Գոհարը:
Մեր` սփիւռքահայերուս մօտ միշտ մտավախութիւն կայ, որ Հայաստանի մէջ գործ հիմնելը եւ յաջողցնելը շատ դժուար է: Բայց «Տէրեան»ի սեփականատէրերը կը վստահեցնեն, որ իրենք իրաւական տեսանկիւնէ ոչ մէկ խոչընդոտի հանդիպած են: Երբ աշխատասէր ես, գործդ ճիշդ ու օրինաւոր կ՛ընես, ոչ մէկ արգելքի կը հանդիպիս:
Ճաշարան այցելած յայտնիներու մասին խօսելով` Յակոբ կը պատմէ, թէ իրենց քով այցելած առաջին յայտնին եղած է Սերժ Թանքեանը․ «2015-ին, Հրապարակի համերգէն ետք, իր կնոջ եւ նուագախումբի անդամներուն հետ մեր ճաշարանը եկած է, բայց ազատ տեղ չէ եղած, մամաներն ալ չեն ճանչցած զինք, ըսած են՝ տեղ չունինք,- ծիծաղելով կը պատմէ Յակոբը ու կ՛աւելցնէ, յաճախորդները ճանչցած են զինք եւ իրենց սեղանը տուած են՚:
Այնուհետեւ ճաշարանը յայտնիներու պակաս չէ ունեցած․ Էլթըն Ճոն, Ատոմ Էկոյեան, յայտնի դերասան Մայքըլ Քէյն, Արամ Ա․ եւ Գարեգին Բ․ կաթողիկոսներ, Նիքոլա Ազնաւոր եւ շատ այլ նշանաւոր դէմքեր: Տիկ Գոհար կը յիշէ․ «Ամերիկայէն հիւրեր ունէինք, Երեւան հասնելուն պէս հեռաձայնեցին, որ իրենց պզտիկները շատ կ՛ուզեն Սերժ Թանքեանի նստած սեղանին ճաշել․․․»:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ անոր ընտանիքին ու թոռներուն սիրելի վայրերէն է «Տէրեան»ը, ան իր հիւրերն ալ հոս բերէ: Վերջերս նախագահին հետ ճաշարան եկած է Յորդանանի Ապտուլլահ թագաւորը: «Ան շատ սիրեց ճաշերը, վերջը երբ դուրս կ`ելլէին, մօտեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համեղ ճաշերուն համար», գոհունակութեամբ կ՛ըսէ Յակոբը:
Երկու ընտանիքներուն անդամները իրենց ընտանեկան գործը մեծ սիրով ու բծախնդրութեամբ կ՛ընեն, համեմունքներէն մինչեւ վերջին հպումը իրենց հսկողութեան տակ կ՛ըլլայ: Տիկ․ Գոհար կը կարծէ, որ իրենց յաջողութեան գրաւականը ճաշերուն համեղ ըլլալը, մաքուր ու բծախնդիր աշխատանքը, հետեւողականութիւնն ու ջերմ եւ բարեհամբոյր ընդունելութիւնն է: Իսկ տիկ․Վերժինի համար Ճաշարանի յաջողութեան գաղտնիքը Տիրոջ օրհնութիւնն է. «Ես Աստուծոյ կը պարտիմ եւ մեր աշխատանքին», կը վստահեցնէ ան:
Անոնք ոչ միայն իրենց գործի յաջողութեամբ ուրախ են, այլ նաեւ Հայրենիքի մէջ ապրելով: Յակոբ որոշ ժամանակ մը Տուպայ ապրած է, բայց վերադարձած է Հայաստան` զարգացնելու իր եւ կնոջ ծնողներուն հիմնած գործը․ «Ամէն տեղ ալ դժուարութիւն կայ, ինչու ուրիշ տեղ չարչարուինք, երբ կրնանք Հայրենիքի մէջ ստեղծել», կը շեշտէ ան: Հայաստան ապրիլը իրենց կու տայ ապահով կեանք եւ երջանկութիւն: «Հոս առտու կ՛արթննաս, ուրախ ես․ պուլպուլակէն ջուր կը խմես ու գործի կ՛երթաս: Կ՛ուզես հանգստանալ` այգի կը նստիս, ճամբան հաճոյքով կը քալես, Հրապարակի համերգը կը լսես ու մեծ բաւարարութիւն կը զգաս»: Ան ուրախ է նաեւ, որ իր դուստրը ապահով միջավայրի մէջ կ՛ապրի: «Այստեղ երբ պզտիկդ դպրոց կ՛երթայ, գիտես ով է իր ընկերը, իսկ դուրսը ամէն տեսակ ազգ կայ, վախը շատ է: Դուրսը մտավախութիւն ունիս` զաւակդ կրնայ կորսուիլ, իսկ հոս հայ կը մեծնայ»։
Տիկ․ Գոհար, նախքան վերջնական Հայաստան հաստատուիլը, անգամներ որպէս զբօսաշրջիկ այցելած է: «Ես Վենեզուելլա մեծցած եմ, հոն հայութիւն չկար, իսկ հոս ամէն տեղ հայ է, տաքուկ միջավայր է», կը նշէ ան:
Մարդ երբ յաջողութեան կը հասնի մեծ երջանկութիւն կ՛ապրի, իսկ երբ այդ յաջողութիւնը Հայրենիքին մէջ կ՛իրագործէ, առաւել եւս երանութիւն կը զգայ, Հայրենիքն ալ` իր որդիներու աշխատանքով ու քրտինքով` կը հարստանայ ու կը բարգաւաճի:
“Տէրեան”ի սեփականատէրերը ճաշարանի մուտքին