Եւրոպական Դատարանը Կաթողիկոսարանի Հայցը Կը Համարէ Անընդունելի, Եւ Այդ Որոշումը Չի Կրնար Բողոքարկուիլ


Յարութ Սասունեան 


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը (նստավայրը Անթիլիաս, Լիբանան) 2015ի  Ապրիլ 25ին դատական ​​հայց ներկայացուց Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ` ձգտելով վերադարձնել իր պատմական նստավայրը Սիսի մէջ (այժմ Ատանա նահանգի Քոզան շրջանին մէջ), որ բռնագրաւուած էր 1921 թուականին:

Առաջին նմանօրինակ հայցադիմումը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարան, քանի որ այդ հայցով կը բարձրացուէին սեփականութեան իրաւունքի հարցեր, որոնք ստորին ատեանի դատարանները իրաւունք չունին անվաւեր ճանչնալու այն բազմազան օրէնքները, որոնք Թուրքիոյ կողմէ ընդունուած են 1915ին եւ յետագայ տարիներուն: Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան թելադրանքով, Սահմանադրական դատարանը Հայոց եկեղեցւոյ հայցը փոխանցեց ստորին ատեանի դատարաններուն: Սակայն, 2016ի Դեկտեմբեր 8ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի փաստաբանները որոշեցին սոյն հայցով ուղղակի դիմել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ), Սթրազպուրկ, Ֆրանսա:

 Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարան հայցի ներկայացումէն հրաժարիլը չափազանց կարեւոր է, հաշուի առնելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի պահանջները, որ որեւէ գործ մինչեւ ՄԻԵԴ ներկայացնելը, նախ պէտք է սպառի իրաւական պաշտպանութեան բոլոր տեղական միջոցներուն կողմէ, սկսած հայցի ներկայացումէն ամենաստորին ատեանի դատարան եւ վերջացուցած երկրի բարձրագոյն դատարանով​​:

 2017ի Հոկտեմբեր 19ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ հանդէս գալով Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի մէջ ընթացող Հայ դատի համագումարին, քննադատեց ՄԻԵԴի դատաւորը, որ մերժած էր Հայոց եկեղեցւոյ դատական հայցը, զայն համարելով անընդունելի: Մինչեւ այս յայտարարութիւնը, դատական ​​գործի կարգավիճակի վերաբերեալ ոչ մէկ լուր կար: Ես դիմեցի Սթրազպուրկի ՄԻԵԴի նստավայր, հետաքրքրուելով Հայոց եկեղեցւոյ հայցով եւ տեղեկացայ, որ իրօք անհատ դատաւորը իրաւունք ունի մերժելու երեւէ հայց, որ տուեալ պարագային նախապէս չէ ներկայացուած Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարան` իրաւական պաշտպանութեան տեղական բոլոր միջոցները սպառելու համար, եւ որ մերժման նամակը ուղարկուած էր Կաթողիկոսարան դեռ 2017ի Մարտին: Ամենացաւալին` ՄԻԵԴէն ինծի յայտնեցին, որ դատաւորին որոշումը  չի կրնար բողոքարկուիլ:

 Այնուհետեւ ես դիմեցի Կաթողիկոսարանի իրաւական խումբի անդամ եւ Գանատայի Մոնրէալ քաղաքի ՄակԳիլ համալսարանի միջազգային իրաւունքի փրոֆէսոր Փայամ Ախաւանին, հետաքրքրուելով, թէ ինչու աւելի առաջ Կաթողիկոսարանը որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած` վեց ամիս առաջ հայցադիմումի մերժման վերաբերեալ: Փրոֆ. Ախաւան բացատրեց, որ ՄԻԵԴի դատաւորը նամակը սխալ հասցէով ուղարկած էր… Այնուհետեւ կաթողիկոսարանը գրեց այդ դատաւորին` «յայտնելով իր լուրջ մտահոգութիւնը դատական սխալին համար, որ մէկ դատաւորը կրնայ մերժել լաւ փաստարկուած գործը, ու մինչեւ վերջերս սպասած է օրինաչափ պատասխանի, որ չեն կրնար բողոքարկել եւ որոշումը վերջնական է»:

 2017ի Հոկտեմբեր 19ին, Արամ Ա․ կաթողիկոս Պրիւքսելի իր ելոյթին մէջ խստօրէն դատապարտեց ՄԻԵԴը` եկեղեցւոյ հայցը մերժելուն համար. «Ինչո՞ւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը այդքան հեշտութեամբ կը մերժէ մեր գործը, իմանալով, որ ոչ մէկ փաստաբան կը համարձակի նման գործ ներկայացնել թրքական դատարաններ: Ինչպէ՞ս կրնայ մէկ դատաւոր մերժել պատմաիրաւական լուրջ հիմնաւորումներով ներկայացուած 900 էջնոց դիմումը` կազմուած խումբ մը լաւագոյն միջազգային իրաւագէտներու կողմէ։ Ինչո՞ւ մեր իրաւական խումբին լսումներու հնարաւորութիւն չտրուեցաւ: Միթէ՞ այժմ բոլորը կը վախնան ընդդիմանալ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման սարսափելի փաստերուն: Մենք ապշած ենք եւ խորապէս հիասթափուած այս արդարութեան վիժումէն, յատկապէս, ժամանակակից պատմութեան այս կարեւորագոյն ժամանակահատուածին, երբ կ՛ակնկալուի, որ Եւրոպան հաւատարիմ մնալով իր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, արդարութիւնը վեր կը դասէ աշխարհաքաղաքական շահերէն…. Եւրոպան, ըստ էութեան, արժէքներու եւ ոչ թէ միայն քաղաքական ու տնտեսական շահերու համակարգ է: Հետեւաբար, ես դեռ յոյս ունիմ, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կը վերանայի գործի ընդունելիութիւնը` արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հիման վրայ: Հակառակ արդարութեան ուրացման` հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը յանուն արդարութեան»:

 Փրոֆ. Ախաւան ՄԻԵԴի դատաւորին որոշումը անուանեց «խայտառակութիւն»: Այնուհետեւ ինծի ուղղուած իր ելեկտրոնային նամակին մէջ ան աւելցուց. «Քանի մը փորձառու ՄԻԵԴ փաստաբաններու կարծիքով, սոյն որոշումը ամբողջովին անընդունելի է: Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր խորհրդատուն եղած է Թիմ Էյք QCն [անգլիական Թագուհիին կողմէ վաւերացուած փաստաբան], որ այժմ ՄԻԵԴի բրիտանացի դատաւորն է: Ան, ի հարկէ, չի կրնար ներգրաւուած ըլլալ գործին մէջ, սակայն շատերու մօտ այն զգացումն է, որ Դատարանը շատ կը վախնայ յետյեղաշրջային Թուրքիոյ ընդդիմանալէ նման վիճահարոյց հարցերով»:

Փրոֆ. Ախաւան նաեւ յայտնեց, որ այս դատական գործընթացի յաջորդ քայլերն են «կամ հայցը կրկին ներկայացնել որոշ նոր փաստերով հանդերձ, ինչպէս օրինակ, թրքական դատարաններ որոշ հանգամանքներու պատճառով դիմելու անհնարինութիւնը, կամ վերադառնալ թրքական դատարաններ, ծախսել մեծ գումարներ եւ կրկին վերադառնալ ՄԻԵԴ: Սա ծիծաղելի որոշում է, քանի որ բոլորն ալ յստակ գիտեն, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ: Սա շատ վիճահարոյց հարց է, եւ ՄԻԵԴը չի ցանկար զբաղիլ ատով»:

Վերջաւորութեան, ես կ’առաջարկէի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին հրապարակել իր դատական հայցի ամբողջական փաստաթուղթերը, որոնց մէջ` 600 էջնոց դիմումը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան եւ 900 էջնոց հայցադիմումը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, ինչպէս նաեւ ատոնց պատասխանները: Ի վերջոյ, սա մասնաւոր հայց չէ, այլ կ՛առնչուի Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի կալուածներու պահանջներուն: