Արթուր Ալեքսանեան ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեան
«Արմենփրես»,- Ողիմպիական խաղերու, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 97 քկ․ դասակարգին մէջ եզրափակիչ փուլին Արթուր Ալեքսանեան յաղթելով Իտալացի Նիքոլաս Կախելաշվիլիին 7:1 հաշիւով՝ 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Ալեքսանեան 1/8 եզրափակիչին յաղթած էր թուրք Զէնք Իլտեմին։
Ան յաղթած է Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն՝ 2012, 2013, 2014, 2018 թուականներուն: 28 տարեկան գիւմրեցի մարզիկը Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան է, երեք անգամ յաղթած է աշխարհի ախոյեանութիւններուն` 2014, 2015, 2017 թուականներուն: