ՀՄԸՄ Թորոնթոյի յիսնամեակի տօնակատարութենէն պատկեր մը
Սօսի Թաշճեան
17 Նոյեմբեր 2019-ին, Թորոնթոյի ՀՄԸՄի ընտանիքը հպարտութեամբ տօնեց Միութեան յիսնամեակը: Յիսուն տարիներու ընթացքին մասնաճիւղը իր վարչութիւններով, սկաուտական եւ մարզական խորհուրդներով, խմբապետական կազմերով եւ մարզիչներով մղիչ ոյժը դարձան դաստիարակելու, մարզելու եւ` “Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ” լոզունգով պատրաստելու ապագայի հայրենասէր սերունդները:
Յիսուն տարիներ առաջ, 27 Նոյեմբեր 1969-ին, կազմուեցաւ առաջին նշանակովի վարչութիւնը հետեւեալ անդամներով` Գրիգոր Շիթիլեան, Աբիկ Սւաճեան, Մկրտիչ Փափազեան, Ատրուժան Պոյաճեան եւ Սերոբ Տէր Պօղոսեան:
Յիսուն տարիներու ընթացքին վարչութիւնները յաջորդաբար աշխատեցան, ծրագրեցին, կազմակերպեցին մարզական խաղեր, սկաուտական բանակումներ, համագումարներ, պարահանդէսներ եւ դաշտահանդէսներ: Ներկայիս ՀՄԸՄ Թորոնթոն կը հաշուէ 711 անդամներ, սկաուտական կազմը` 342, 248 մարզիկներ եւ 121 պարզ անդամներ:
Սոյն ձեռնարկի հանդիսավարներն էին` Էմմա Պասմաճեան (նախկին խմբապետուհի) եւ Արմէն Պալխզեան (ներկայ խմբապետ):
Սկաուտական խումբերը եւ մարտարուեստի խումբը փողերախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեցին սրահէն ներս եւ արժանացան ներկաներուն ծափողջիւններուն: Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչելէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Պաստառի վրայ ցուցադրուեցան պատկերները մեզմէ առյաւէտ բաժնուած քոյրերու եւ եղբայրներուն, որոնք տարիներու ընթացքին մեծ ներդրում ունեցած են եւ իրենց աշխատանքով եղած են միութեան սիւներէն, ու թէեւ անոնք ֆիզիքապէս բացակայ են այսօր, սակայն միշտ պիտի յիշուին որպէս ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անդամներ:
Սեւան Հաճի Արթինեան վարչութեան խօսքը փոխանցեց եւ շնորհաւորեց մասնաճիւղի յիսուն ամեակը: Իր խօսքին մէջ ան նշեց մասնաճիւղի իրագործած նուաճումները եւ շեշտեց ՀՄԸՄի կատարած դերը` ապագայ սերունդները դաստիարակելու ուղիով:
Խօսք առաւ Վիգէն Գալուստեան: Ան շեշտեց` “Բարձրացիր Բարձրացուր” նշանաբանի իմաստը եւ առողջ միտք առողջ մարմինի մէջ ըլլալու կարեւորութիւնը հաստատեց մեր հայ սերունդներուն համար:
Շրջանային վարչութեան անդամներ Տանի Մարկարեան եւ Արմէն Գրիգորեան ՀՄԸՄի ծառայութեան շքանշանը յանձնեցին Ժորժ Թորոսեանին: 1976-ին Լիբանանէն գաղթած եւ Թորոնթօ հաստատուած եղբայր Ժորժին ջանքերով կազմուած առաջին փողերախումբը եւ իր շնորհիւ մինչ օրս մեր մասնաճիւղը կը շարունակէ քաղել իր ցանած սերմերուն բարիքները:
Օրուան պատգամաբերն էր Արմէն Կէտիկեան, որ մասնաճիւղիս հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն մաս կազմած է միութեան աշխատանքներուն եւ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ: Բազմաթիւ անգամներ եղած է վարչութիւններու անդամ, Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամ, ապա` երկու քառամեակներ շարունակ` կեդրոնական վարչութեան անդամ: Եղբայր Արմէն յետադարձ ակնարկ մը ըրաւ եւ յիշեց ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ` ըլլայ սփիւռքի, կամ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Պաստառին վրայ ցուցադրուեցան Հայ Կեդրոնի հովանիին տակ գործող միութիւններու շնորհաւորական խօսքերը եւ անդամներու բարեմաղթանքները: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան “Սողոմոն Թէհլիրեան” Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Սարգիս Աղպաշեան, Հայ Կեդրոնի հովանիին ներքեւ գործող քոյր միութիւններու խօսքը փոխանցեց հանդիսատեսին:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տէնի Մարկարեան Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցելով նշեց. “Թորոնթոյի Մասնաճիւղը կը նշէ իր հիմնադրութեան յիսուներորդ տարեդարձը: Ան իր ոսկեայ տարեդարձին առթիւ կը փայլի ու փայլք կու տայ ՀՄԸՄ Գանատայի մեծ ընտանիքին”:
Ձեռնարկի ընթացքին, յիսնամեակի առիթով պատրաստուած պատկերազարդ յուշամատեաններ բաժնուեցան ներկաներուն, ուր համառօտ կերպով ամփոփուած էր ՀՄԸՄ Թորոնթոյի պատմականը:
Ոսկեայ յիսուն տարիները ետին ձգած ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղը իր վեհ առաքելութիւնը պիտի շարունակէ ու իր փայլքը պիտի տարածէ նոր սերունդներուն մէջ:
ՀՄԸՄ Թորոնթոյի յիսնամեակի տօնակատարութենէն պատկերներ