«Հայերն այսօր”․- Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, օրերս հովուական այցով կը գտնուէր Իրաքի Քիւրտիստանի շրջան, Էրպիլի մէջ հայկական նոր կառուցուող եկեղեցւոյ հիմնարկէքի առիթով, այցելութեան ծիրէն ներս Փետրուար 5ին, այցելած է Մուսուլի հայկական եկեղեցիները, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու աւերուած եկեղեցիներու վիճակին, յայտնած է Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տէր Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան:
Առաջնորդ Սրբազան հօր կ’ուղեկցէին Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Գատոյեան, ինչպէս նաեւ Մուսուլի հարթավայրերու համայնքի ատենապետ Շանթ Մուրատեան, Աշթար հեուստաընկերութեան տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեան եւ Մուսուլի թաղական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Կիւլիւզեան:
Աւագ Սրբազանը Մուսուլ գտնուելու ժամանակ հանդիպած է Մուսուլի Սուրիանի եկեղեցւոյ Առաջնորդ Պետրոս Մուշիին։ Խօսուած են Մուսուլի ներկայ եւ ապագայ վիճակի մասին: