Ներկայիս Թուրքիոյ Քայսէրի (պատմական Կեսարիա) քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցին պիտի վերածուի գրադարանի։ Քայսէրիի քաղաքապետարանը արդէն սկսած է եկեղեցւոյ շինութեան վերանորոգման – վերականգնման աշխատանքներուն։ Օսմանեան ժամանակաշրջանին պատկանող այս կառոյցը տարբեր ժամանակահատուածներու ծառայած է որպէս ոստիկանական բաժանմունք եւ մարզասրահ։
Թրքական մամուլի հաւաստմամբ՝ եկեղեցւոյ պատերուն առկայ զարդաքանդակները, որմնանկարներն ու գրութիւնները, որոնք աւելի վաղ կատարուած աշխատանքներու ժամանակ ծածկուած էին գաճի շերտով, այժմ յատուկ մանրակրկիտ ջանքերով կրկին մաքրուած, բացուած են։
Քաղաքապետարանը հայկական եկեղեցին 24 ժամ գործող քաղաքային գրադարան դարձնելու վերաբերեալ որոշում կայացուցած է եւ նախատեսուած է մինչեւ տարեվերջ աւարտել աշխատանքները։ Գրադարանի վերածուած եկեղեցւոյ մէջ պիտի ըլլայ ինչպէս աւանդական գիրքերէն, այնպէս ալ ժամանակակից ելեկտրոնային գիրքերէն օգտուելու հնարաւորութիւն։
Ըստ Քայսէրիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Չելիքի՝ Թուրքիոյ տարածքին մինչ օրս գրադարանի վերածուած եկեղեցի չէ եղած։ Կառոյցը պիտի վերականգնուի իր նախնական տեսքով եւ վերակառուցման, կահաւորման ու գիրքերու արխիւ ստեղծելու համար նախատեսուած է շուրջ 6-8 միլիառ թրքական լիրա։
Աւելի շուտ եկեղեցւոյ մէջ իրենց կրօնական արարողութիւնները իրականացնելու համար Կեսարիոյ բողոքական համայնքը դիմած էր՝ եկեղեցին իրենց յանձնելու խնդրանքով: Պոլսոյ բողոքական եկեղեցին դիմում ներկայացուցած էր Կեսարիոյ քաղաքապետարանին, քանի որ Կեսարիոյ բողոքական համայնքը աղօթատեղի չունի: Բողոքական եկեղեցւոյ դիմումը, սակայն, մերժուած էր: