Ծագումով թուրք, գերմանաբնակ բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընը կը պատրաստուի ժապաւէն մը նկարահանել Սուրիոյ քրտական Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներու կիներու թեւին մասին, որ կը կռուի ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, այդ մասին Աքըն յայտարարած է իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ` տեղադրելով այդ մասին ազդարարող լուսանկար, ուր պատկերուած է քիւրտ զինեալ կին մը:
«Ճնշեցէ՛ք ՏԱՀԵՇ-ը. աջակցեցէ՛ք ազատութեան համար կռուող Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներուն: Պաշտպանեցէ՛ք Ժողովրդավարական յեղափոխութիւնը Ռոժավայի մէջ», գրուած է լուսանկարին վրայ:
Նշենք, որ Աքըն կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Հատումը» ժապաւէնին բեմադրիչը: