Ձմեռ, Յունուար ամիս. Ձիւն, ցուրտ եւ… բանակում:
Այ՛ո, շատերու համար անկարելի բան է, բայց ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղի համար անկարելին կը դառնայ կարելի, երբ իր նուիրեալ սկաուտական խորհուրդի անդամներով, խմբապետական կազմով եւ չարքաշ 183 գայլ, արծուիկ, արի, արենոյշ եւ երեց պարմանուհի կը դառնան մեկ հաւաքական ուժ: 12-14 Յունուար շաբաթավերջի ընթացքին, ընդհանուր սկաուտական կազմը իրենց մասնակցութիւնը բերաւ ձմեռնային դպրոց բանակումին ՙCamp Samac՚ բանակավայրէն ներս:
Ուրբաթ երեկոյեան, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ խումբերու հաւաքը նախքան բանակավայր մեկնիլը. երեցներն ու պարմանուհիները ստանձնեցին գոյքերու, պայուսակներու եւ ուտելիքներու դասաւորումը` փոխադրամիջոցներու մէջ:
Խումբերը բանակավայր հասնելէ ետք, ստանձնեցին իրենց տնակները եւ բանակումի բացման արարողութիւնը կատարեցին ՙՅառաջ Նահատակ՚ քայլերգով: Ապա, տեղի ունեցաւ խմբակներու կազմութիւն, ուր ամէն խմբակ կոչուեցաւ ՀՄԸՄի հիմնադիրներու անուններով :
Իւրաքանչիւր խումբ ունէր իր յատուկ յայտագիրը, որ կը պարունակեր ազգային եւ սկաուտական թեմաներով դասախօսութիւններ, երգեր, սկաուտական խաղեր, լուսարձակով պատրաստուած նիւթեր եւ ձեռային աշխատանքներ:
Յաջորդ առաւօտ, սկաուտները աշխուժութեամբ իրենց սկաուտական մարզանքը կատարեցին: Նախաճաշէն ետք, գայլիկ-արծուիկները եւ արի-արենուշները կատարեցին փողկապի տուչութեան արարողութիւն:
Գայլիկ-արծուիկները իրենց փոքր տարիքով բայց բարձր գիտակցութեամբ վերանորոգեցին իրենց խոստումը, ինչպէս նաեւ կրկնեցին վոհմակին օրէնքը եւ արժանացան իրենց դեղին փողկապին: Աքելլան եւ մասնաճիւղի խմբապետը շնորհաւորեցին անդամներուն` մաղթելով իրենց յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն ՀՄԸՄի շարքերէն ներս. նոյնպէս արի-արենուշները իրենց խոստումը վերանորոգեցին եւ ստացան իրենց կապոյտ փողկապները խոստանալով, որ յանձնառու պիտի ըլլան յաւելեալ պարտաւորութիւններու եւ պարտականութիւններու, ինչպէս նաեւ տէր պիտի կանգնին խոստումին եւ առօրեայ բարի գործեր կատարելու սովորութեան:
Ձմեռուան եւ ձիւնի առիթը օգտագործելով խումբերը պատրաստեցին սայլակներ եւ իրար հետ մրցելով hաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Սկաուտները նաեւ ծանօթացան եւ սորվեցան ՀՄԸՄի 100ամեակի նուիրուած քայլերգը: Հասած էր խարոյկին ժամը․ ճիշդ էր, որ օդը քիչ մը ցուրտ էր, բայց այդ մէկը պատճառ չեղաւ, որ խարոյկը չիրականանայ: Երեց եւ պարմանուհի փաղանքները խարոյկը պատրաստեցին․ խարոյկը սկսաւ կանչերով ու շարունակուեցաւ ազգային երգերով եւ զաւեշտով: Այդ բոլորը աւելի ջերմ եւ մտերիմ մթնոլորտ ստեղծեց անդամներուն միջեւ: Արդէն ճրագմարին ժամը հասած էր եւ սկաուտները պետք է պատրաստուէին յաջորդ օրուան:
Բանակումի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ով Հայ Արի» քայլերգով:
Վերադարձի ժամը հասած էր․ սկաուտները ձեռք ձեռքի շղթայ կազմած ցտեսութեան երգը երգեցին ՙցտեսութիւն մըն է եղբայր միայն ցտեսութիւն դարձեալ իրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն՚:
Սկաուտները վերադարձան նոր գիտելիքներով եւ գեղեցիկ յիշատակներով, իսկ ամենէն կարեւորը՝ խոստացան ՙԲարձրացիր, Բարձրացուր՚ նշանաբանով ուղղուիլ դէպի յառաջ: