Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Վերաբերեալ Պահանջագիր Ներկայացուցած են Հոլանտայի Խորհրդարանին


«Արմենփրես»․- Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասին պահանջագիր ներկայացուցած են Հոլանտայի խորհրդարանին: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան, որ հանդիպում ունեցած է խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին հետ:

«Մեզ ընդունեց Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար  Փիթըր Օմթզիխթը, որ յաճախ հանդէս կու գայ ի նպաստ մեր շահերու պաշտպանութեան: Հանդիպման բոլոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ կային: Մենք ներկայացուցինք մեր պահանջագիրը: Մեր հիմնական խնդիրն է, որ Հոլանտան վերջին շրջանին մեզի համար տարօրինակ քաղաքականութիւն որդեգրած է` «ցեղասպանութեան» փոխարէն օգտագործելով «ցեղասպանութեան խնդիր» բառը: Ատիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ: Մենք նշեցինք, թէ որքան սխալ է այդ քաղաքականութիւնը: Այդ քաղաքականութեան պատճառով է, որ Թուրքիան այսօր շատ աւելի կոշտ դիրքորոշում ունի Հոլանտայի հանդէպ: Այն, որ հոլանտացիները կ՛ըսէին չնեղացնենք թուրքերը, չըսենք ցեղասպանութիւն բառը, մեր համոզումով, հակառակ ազդեցութիւնն ունեցաւ», ըսած է­ ան:

Ներկայացուած պահանջագիրը պիտի քննարկուի եւ յառաջիկային պատասխան պիտի տրուի: Մասիս Աբրահամեան լիայոյս է, որ նոր կառավարութիւնը շրջադարձ մօտեցում պիտի ցուցաբերէ եւ իրերը պիտի կոչէ իրենց անունով:

Հայոց ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի առիթով Հոլանտայի հայ համայնքը պիտի ունենայ ձեռնարկներու շաբաթ: Ապրիլ 22­ին տեղի պիտի ունենայ ցոյց Ամսթերտամի մէջ: Մասիս Աբրահամեան նշած, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100­րդ տարելիցէն սկսած` ձեռնարկներուն մեծ թիւով հայեր կը մասնակցին: Արդէն պայմանաւորուածութիւն կայ ոստիկանութեան հետ, ճշտուած են այն փողոցները, ուրկէ պիտի անցնի քայլարշաւը: Մասնակիցները երթով պիտի շարժուին Ամսթերտամի ցոյցերու հաւաքատեղի` հրապարակ: Հանրահաւաքին պիտի մասնակցին ականաւոր դէմքեր, ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի ջատագովներ: Յիշատակի միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 23ին, 24­ին: