“Երկիր”,- ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նոր ձեւաւորուած կառավարութեան մէջ երկու նախարար պիտի ունենայ։
Անոր խօսքով` ՀՀ բնապահպանութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան պիտի նշանակուի ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար, իսկ Շիրակի նախկին մարզպետ Արթուր Խաչատրեան պիտի զբաղեցնէ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը: