ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու համար պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը Յուլիս 4ի երեկոյեան ստիպուած եղած են ձեռնարկել պատասխան գործողութիւններու, որոնց արդիւնքով վնաս հասցուած է Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած կրակակէտին: Պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ծառայութիւններէն տրամադրուած տուեալներով, հակառակորդը ունի կորուստներ:
Ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ Յուլիս 4ին շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը: «Յատկապէս, ժամը 11:30-11:35-ին արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմը կիրարկած է 82 միլիմեթրանոց ականանետ (4 արկ), նոյն հատուածին մէջ ժամը 12:45-12:55-ի սահմաններուն` հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (3 արկ), հարաւային ուղղութեամբ` ժամը 13:35-ին 60 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ), 19:10-ին` 60 միլիմեթրանոց ականանետ (2 արկ), իսկ 20:20-20:30-ի սահմաններուն Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած զինուորական կեդրոնէն ազրպէյճանական զինուժը TR-107 տիպի համազարկային հրթիռային համակարգերէ (5 արկ) կրակ բացած է հարաւային ուղղութեամբ գործող զօրամասերէն մէկուն հրամանատարական կէտի ուղղութեամբ` 20:48-ին կիրարկելով նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ)», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Կատարուածին հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Պաքուի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը», շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ։
«Ստացած ենք տեղեկատւութիւն Յուլիս 4ի ուշ երեկոյեան Ֆիզուլիի շրջանի Ալխանլու գիւղի շրջանի բռնութեան վերսկսման մասին, որ պատճառ դարձած է մարդկային կորուստներու, ներառեալ եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ: Մինսկի խումբը հրատապ կերպով կոչ կ՝ուղղէ կողմերուն՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնը: Բռնութիւնը միայն կը ծնի յետագայ բռնութիւն եւ ոչինչ կու տայ: Այս երկարատեւ հակամարտութեան լուծման միակ պատասխանատու եւ մարդկային ճանապարհը կողմերուն համար բարի կամքով բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալն է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Աւելի ուշ Պաշտպանութեան բանակը հրապարապեց տեսագրութիւն մը, ուր յստակ կ՛երեւի հակառակորդին կողմէ TR-107 համազարկային հրթիռային կայանքէն իրականացուող հրթիռակոծումը: