«Էրմէնիհապեր»․- Վանի Գեւաշ (պատմ. Ոստան) շրջանի Ալթընսաչ գիւղին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Թովմաս կիսաւէր եկեղեցին այժմ կ՛օգտագործուի իբրեւ ախոռ։
Վանայ լիճի ափէն ոչ հեռու 400 մեթր բարձրունքի մը վրայ 10-11րդ դարու կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ ամփոփուած եղած են Թովմաս առաքեալի մասունքները: Եկեղեցին 1671 թուականի վերանորոգումէն ետք վերածուած է վանական համալիրի: Գանձ որոնողներու պատերուն բացած անցքերու ու շինութեան հասցուած վնասներու հետեւանքով լքուած եկեղեցին այժմ կանգնած է փլուզման վտանգին առջեւ:
Սբ. Թովմաս այցելած թուրք լրագրող Իքրամ Իշլեր կը գրէ.
«Ժամանակին այստեղ հաւատք կար: Քրիստոսի առաքեալները կային: Կը հնչէր հոգեւոր երաժշտութիւն ու պատարագներ կը մատուցուէին: Սակայն եկած է այն օրը, երբ եկեղեցին որպէս ախոռ կ՛օգտագործեն»:
Քանի մը տարի առաջ Վանի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը եկեղեցին յայտարարած է զբօսաշրջային գօտի` կոչ ընելով այցելութիւններ կազմակերպելու այնտեղ: Հակադարձելով պատկան մարմիններու անհետեւողականութեան` ան կը գրէ, որ երբ զբօսաշրջիկը եկեղեցի այցելէ ախոռ պիտի տեսնէ ու պիտի հիասթափուի:
Լրագրողին խօսքով՝ Վանի մշակոյթի վարչութիւնը դէպի եկեղեցի բարձրացող ճանապարհ կառուցած է, սակայն ան իր նպատակին չի ծառայեր, քանի որ կուպրի բացակայութեան պատճառով ցեխ կ՛առաջանայ՝ ճանապարհը անանցանելի դարձնելով մեքենաներու համար: