Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու (ՄԱՀԱԵ) միութեան, կիրակի, Յուլիս 9ին տեղի ունեցաւ վերընծայումը Քեսապի Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ: Այս առիթով Պէյրութէն Քեսապ մեկնած էին ՄԱՀԱԵ-Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հալէպէն` Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Կեդրոնական մարմինի անդամներ:
ՄԱՀԱԵՄի պատուիրակութիւնը վերանորոգ եկեղեցւոյ բացումէն մէկ օր առաջ այցելութիւն տուաւ Քեսապի հայ կաթողիկէ եւ հայ առաքելական համայնքներու ներկայացուցիչներուն:
Կիրակի, Յուլիս 9ը պատմական օր մըն էր ամբողջ քեսապահայութեան համար: Նախքան Քեսապի վերանորոգ Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերընծայումը, ՄԱՀԱԵՄի պատուիրակութիւնը այցելեց Գալատուրանի, Էքիզոլուքի եւ Քէօրքիւնէի հայ աւետարանական եկեղեցիները` իւրաքանչիւրին նուիրելով բեմի նոր Աստուածաշունչ մը:
Լաթաքիոյ շրջանի պետական մարմինները, քաջալերուած Քեսապի հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիի վերանորոգման աշխատանքներէն, ծրագրած էին դրօշակի արարողութիւն` Քեսապի հրապարակին վրայ բարձրացնելու սուրիական դրօշը, նախքան եկեղեցւոյ բացումը: Պատանեկան շեփորախումբով առաջնորդուած արարողութենէն ետք, բոլորը ուղղուեցան դէպի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան կատարեց պաշտօնական բացումը վերանորոգ եկեղեցւոյ:
Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, որ 21 Մարտ 2014ին գրաւուած, թալանուած եւ ապա հրկիզումի ենթարկուած էր, այժմ իր վերանորոգ եւ պայծառ սրահներուն մէջ կ՛ընդունէր բազմահարիւր հաւատացեալներ, որոնք եկած էին առ Աստուած փառաբանութեան եւ շնորհակալութեան աղօթքներ ու երգեր բարձրացնելու: Կէսօրուան ժամը 12:00ին սկսաւ վերընծայման յատուկ պաշտամունքը` ներկայութեամբ Լաթաքիոյ նահանգապետին, կուսակցապետին, պատասխանատուներու, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ Քեսապի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:
Քեսապի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատ. Ժիրայր Ղազարեան առաջնորդեց պաշտամունքը: Բեմի նոր Աստուածաշունչի նուիրումը կատարեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան եւ պատ. Սեւակ Թրաշեան կատարեցին ընթերցումներ Աստուածաշունչէն: Երգչախումբը հրամցուց երկու երգեր: Քեսապի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ տարբեր տարիքի զաւակներ արտասանեցին նուիրումի աղօթքներ: Օրուան պատգամը փոխանցեց վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց քարեղէն կառոյցէն անդին նայելու եւ ըլլալու կենդանի եկեղեցի, որուն միջոցաւ Աստուած կը փառաւորուի:
Պատգամէն ետք եկեղեցւոյ վերընծայման աղօթքը կատարեց վեր. Յարութիւն Սելիմեան, որ նաեւ դրուատեց աջակցութիւնը Սուրիոյ պետական մարմիններուն, որոնք մեծապէս դիւրացուցին վերանորոգման աշխատանքները` աւելցնելով, թէ Սուրիահայութիւնը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ ժողովուրդին:
Վեր. Փոլ Հայտոսթեան փոխանցեց Կեդրոնական մարմինին խօսքը, անդրադառնալով կատարուած աշխատանքին եւ անոր յուսադրիչ ազդեցութեան, գնահատանքով ընդգծելով, որ անիկա տարուեցաւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի զաւակներուն կողմէ` համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի առաջնորդութեամբ:
Կարդացուեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն Զաւէն Խանճեանի խօսքը, ապա Տէրունական աղօթքով եւ վեր. Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ աւարտեցաւ պաշտամունքը: Ներկաները դուրս եկան զիրար շնորհաւորելով եւ ողջագուրելով` բարձր տրամադրութեամբ:
ՄԱՀԱԵ-Միութեան նախագահը, Կեդրոնական մարմինի ատենապետն ու անդամները, նաեւ ներկայ Լաթաքիոյ պետական աւագանին շնորհաւորութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ նորոգուած դահլիճին մէջ:
Լուսանկարները՝ “Գանձասար”ին