Հադրութցի Երեխաներուն Համար Մանկապարտէզ Պիտի Բացուի


«Արցախփրես»,- Հադրութէն տեղահանուած ընտանիքներու երեխաներուն համար Ստեփանակերտի մէջ մանկապարտէզ պիտի բացուի, տեղեկացուցած է Արցախի Կրթութեան Գիտութեան եւ Մարմնամարզութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան:

Ան ըսած է. « Մանկապարտէզին համար շէնքը պիտի վարձակալէ պետութիւնը: Հաստատութեան գործունէութիւնը եւս պիտի ապահովուի պետութեան կողմէ: Կառավարութեան համապատասխան որոշումը արդէն կայ: Նախարարութիւնը յառաջիկային այս առնչութեամբ յայտարարութիւն պիտի ընէ»:

Արցախի նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատւհի Սիմոնեան նշած է, որ մանկապարտէզի գոյքը պիտի հովանաւորէ Մայր Աթոռը: «Շնորհակալ ենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ֊ին այս դժուարին ու ծանր օրերուն Արցախի ու արցախցիին կողքին ըլլալու հաստատակամութեան համար: Վեհափառը իր օրհնութիւնը բերաւ իմ եւ ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի խնդրանքին` հովանաւորելու յառաջիկային Ստեփանակերտի մէջ բացուելիք Հադրութի «Դիզակ» մանկապարտէզի գոյքի ձեռքբերումը», ըսաւ Սիմոնեան եւ կարեւոր  նկատեց, որ մանկապարտէզի հադրութեցի 125 սաներն ու ուսուցչական կազմը պիտի շարունակեն աշխատիլ միասին: