Հայաստանի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցին 26 Քաղաքական Ուժեր


«Թորոնթոհայ»,-  Յունիս 20 -ի տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին աննախադէպ թիւով քաղաքակա ուժեր` 22 կուսակցութիւն եւ 4 կուսակցութիւններու դաշինք: Ընտրութիւններուն մասնակից են երկրի բոլոր նախկին նախագահները եւ գործող վարչապետը:

Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը գլխաւորէ «Հայ Ազգային Կոնգրես» կուսակցութեան ցուցակը, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան «Հայաստան» դաշինքի ցուցակի առաջին թեկնածուն է, Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան կուսակցական ցուցակներուն մէջ չկայ, բայց Հանրապետական կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարն է ան, կը մասնակցի ընտրութիւններուն «Պատիւ Ունեմ» դաշինքով։ Դաշինքին ցուցակը կը գլխաւորէ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան, իսկ Սարգսեան աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենայ քարոզչական աշխատանքներուն: Գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը գլխաւորէ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակը:

Արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններն ու դաշինքները հետեւեալն են:

Կուսակցութիւններու դաշինքներ․ «Հայաստան» դաշինք, «Ազատ Հայրենիք» դաշինք, «Պատիւ ունեմ» դաշինք, «Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարների դաշինք»,

Կուսակցութիւններ՝ «Քաղացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն, «Արդար Հայաստան», «Հանրապետութիւն», «Համահայկական Ազգային Պետականութիւն» (ՀԱՊ), «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայոց Հայրենիք», «Ազգային Օրակարգ», «Հայաստանի Եւրոպական», «Քաղաքացու Որոշում Սոցիալ Դեմոկրատական», «Մեր Տունը Հայաստանն է», «Ազգային-Ժողովրդավարական Բեւեռ», «Միասնական Հայրենիք», «5165 Ազգային Պահպանողական Շարժում», «Լուսաւոր Հայաստան», «Վերելք», «Ազատութիւն», «Ազատական», «Հայ Ազգային Կոնգրես», «Ինքնիշխան Հայաստան», «Զարթօնք» Ազգային Քրիստոնէական Հայաստանի Դեմոկրատական, «Հայոց Արծիւներ Միասնական Հայաստան»։

Ընտրութիւններու քարոզարշարը սկիզբ առաւ Յունիս 7-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիս 18-ը ներառեալ։ Քաղաքական ուժերը ընտրողներու հետ կը հանդիպին Հայաստանի բոլոր մարզերուն եւ Երեւանի տարբեր համայնքներուն մէջ եւ կը ներկայացնեն երկիր ճգնաժամային այս վիճակէն դուրս գալու իրենց տեսլական ու ծրագիրները։