ՀՕՄի Օրուան Տօնակատարութիւն


Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը, Քորոնա համաճարակին պատճառով, մէկ ու կէս տարի փակ մնալէ ետք, Կիրակի` 19 Սեպտեմբեր 2021-ին, իր դռները բացաւ Թորոնթոյի ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն եւ համակիրներուն դիմաց, որոնք հաւաքուած էին տօնախմբելու ՀՕՄի Օրը:

Փշրուած էր հեռակայ կապի հաղորդակցութեան յոգնեցուցիչ շղթան: Դէմքերը փայլուն ու ժպտուն էին եւ նոր կեանքի վերադառնալու յոյս կը ներշնչէին: Կեանքը վերսկսած էր այստեղ: Առաջին ակնարկով, ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց դասաւորուած աթոռներու վրայ տեղադրուած պիտակները, անուններով՝ հրաւիրուած ընկերուհիներուն եւ իրենց հիւրերուն: Ամպիոնին մէկ անկիւնը զետեղուած էր ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէնութեան եւ Հոգաբարձութեան կողմէ ուղարկուած գեղագոյն ծաղկեկողովը: Ամպիոնին կեդրոնը տեղադրուած էին չորս դրօշակներ՝ Հայաստանի, Արցախի, Գանատայի եւ ՀՕՄի։

Քորոնա համաճարակին պատճառով, պետականօրէն սահմանուած օրէնքներու համաձայն, սահմանափակ թիւով՝ 130 ընկերուհիներու, Գանատայի Հայոց Թեմի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ օգնական հովիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեանի, պատկան մարմնի, Գանատայի ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերուհիներուն եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ բացուեցաւ տօնակատարութիւնը՝ Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով՝ Ռուպինա Քէշիշեանի մեկնաբանութեամբ եւ Թալին Գըլըպօզեանի դաշնակի նուագակցութեամբ:

Օրուան հանդիսավար Սիլվա Փայլեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ․ «Այսօր, սոյն ձեռնարկով, ՀՕՄի գործունէութեան պաշտօնական ձեռնարկներու բացումը կը կատարենք՝ բնաբան ունենալով սքանչելի առածը, որ կ’ըսէ. «Մի՛ ձգեր ցնցուղը ձեռքէդ, եթէ նոյնիսկ անձրեւ գայ: ՀՕՄը իր կորովով, աշխատանքով ու անվհատ ոգիով, կենդանի ապացոյցն է այս առածին, միշտ անհրաժեշտ սեպելով հայ ժողովուրդի յարատեւութիւնն ու զարգացումը»:

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի խօսք փոխանցեց Տ․ Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան: Ան նշեց, որ Հայաստանեայց Եկեղեցին այսօր կը տօնէ Հայ Ընտանիքի օրը: ՀՕՄը հայ ժողովուրդին համար այն մեծ ընտանիքն է, որ իր մայրական գուրգուրանքով եւ կեցուածքով ինքզինք փաստած է համայն աշխարհին։ Քահանայ հայրը շնորհաւորեց պարգեւատրուող ընկերուհիները եւ, գնահատեց «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքը, որ ամէն տարի կը մեծարէ իր արժանաւոր ընկերուհիները, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի ՀՕՄի շարքերը խտանան, առաւել եւս զօրանան՝ ի պայծառութիւն մեր Հայրենիքին, Արցախին եւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքին:

«Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարալ Միսիրեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս ձեռնարկով կը նշեն մասնաճիւղի 58-րդ տարեդարձը եւ միշտ պատրաստ են օժանդակելու, ծառայելու եւ հոգալու՝ տեղական, ազգային եւ միջազգային կարիքները: Ընկերուհին ներկայացուց յառաջիկայ տարեշրջանի ձեռնարկներու ցանկը եւ իր կարգին հրաւիրեց նախկին վարչութեան ատենապետուհի Արտա Շահինեանը, ներկայացնելու նախորդ շրջանի գործունէութեան զեկոյցը: Վերջինս հակիրճ մատնանշումներով ներկաները հաղորդակից դարձուց նախկին վարչութեան աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր խօսքը եզրափակեց շեշտեց, որ մենք հզօր ենք միասին եւ հաւատքով շարունակենք ՀՕՄի Սուրբ առաքելութիւնը եւ ուխտենք նոյն հաւատքով, զինուորական կամքով, մօր անհուն սիրով աշխատիլ հայ ժողովուրդի կողքին, ի դէմ անոր ծով կարիքներուն եւ ի յոյս անոր աւելի փայլուն ապագային:

Գեղարուեստական յայտագիրով Հերա Շանոյեան մեներգեց «Հայոց Կանայք» եւ «Ծաղկիր Ինձ Համար» երգերը՝ Րաֆֆի Շանոյեանի նուագած ու ձայնագրոած եղանակի ընկերակցութեամբ ։

Օրուան պատգամաբեր Աննա Տ․ Յակոբան իր խօսքը սկսաւ՝ նշելով ՀՕՄը այն միութիւնն է, որ իր արժանի տեղն ու դիրքը ունի մեր պատմութեան մայր էջին վրայ դրօշմուած եւ որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր անհամեմատելի ծաւալներով ընդարձակուող գործունէութեամբ, ամէն տեղ ստեղծագործ ներկայութեամբ կայ ու կը գործէ ի սպաս մարդկութեան եւ մեր ժողովուրդին: ՀՕՄի ծնունդին անդրադառնալով ըսաւ. «Միջազգային Կարմիր Խաչի մարդասիրական ու բարոյական սկզբունքներէն ու ծրագիրներէն ներշնչուած՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Դաշնակցական գործիչ Էտկար Ակնունիի ցուցմունքերով 1910-ին, հիմը դրուեցաւ կազմակերութեան մը, որ յետագային իր տարածուն ցանցով ու աշխոյժ գործունէութեամբ ամէնուրէք ճանցչուեցաւ, որպէս՝ Հայ Օգնութեան Միութիւն»:

Ընկերուհին ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄի մերօրեայ աշխարհացիր կառոյցը ու անոր ծաւալած յատկանշական ծառայութիւնները եւ եզրափակեց ըսելով՝ «ՀՕՄը 111 տարիներ առաջ ծնունդ առաւ, որպէս ժամանակի հրամայական՝ եղեռնէն վերապրած ու Կիլիկիայէն տեղահանուած հայ գաղթականներու կարիքները հոգալու ու անոնց վիշտը եւ տառապանքը մեղմացնելու: Գործեց ամենէն աննպաստ պայմաններու մէջ, գործեց նախանձախնդրութեամբ, յանձնառութեամբ, կամաւոր հիմունքով եւ անսակարկ նուիրումով, գործեց ու կը շարունակէ գործել՝ «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» նշանաբանով:

Սերնդափոխութեան ու նոր անդամուհիներ ներգրաւելու խիստ կարեւոր ծրագրի արգասիքը հանդիսացող 2020 եւ 2021 տարիներու 5 նորագիր անդամուհիներ, հետեւելով «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ՀՕՄի գործունէութեան ծանօթացման յատուկ հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ 14

Սեպտեմբեր 2021-ին, իրենց երդումը կատարեցին կնքամայրութեամբ Շրջ․ Վարչութեան անդամ Իռեն Թիլիմեանի: Նորագիր ընկերուհիներն են՝ Ռուպինա Քէշիշեան, Թալին Ներսէսեան, Կարինէ Պէպէճեան, Փաթիլ Խաչատուրեան եւ Տալիթա Փշտիկեան:

Տարիներու անսակարկ ծառայութեան ու նուիրումին համար գնահատագրեր եւ զարդասեղներ յանձնուեցան կարգ մը ընկերուհիներու. Ձեռամբ Իռեն Թիլիմեանի, 60 տարուան ծառայութեան գնահատագիր ստացան՝ Յասմիկ Պետրոսեան, Զուարթ Պօղոսեան, Անժէլ Բանիկեան եւ Մարի Տարագճեան: Բանաւոր բացակայութեամբ ընկերուհիներ՝ Թագուհի Թաշճեանի եւ Սոնա Օհաննէսեանի:

Ձեռամբ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի, 50 տարուան ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութենէ գնահատագիր եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի կողմէ ոսկեայ զարդասեղ ստացան՝ Գեղանուշ Պոյաճեան, Սեդա Սաաթճեան, Շաքէ Ստեփանեան, Նորա Քէշիշեան եւ Բեննա Թարզի: Բանաւոր բացակայութեամբ ընկերուհիներ՝ Լուսին Ֆերմանեանի, Լուսին Պուտագեանի եւ Անուշ Իզմիրեանի:

Ձեռամբ Իռեն Թիլիմեանի, 35 տարուան ծառայութեան արծաթեայ զարդասեղ ստացան՝ Ստելլա Մայդոսեան, Անահիտ Եահյէեան եւ Զեփիւռ Տորնա: Բանաւոր բացակայութեամբ ընկերուհիներ՝ Սիրվարդ Խաչատուրեանի եւ Լորիս Օհաննէսեանի:

Ձեռամբ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի, 25 տարուան ծառայութեան արծաթեայ զարդասեղ ստացան՝ Մարալ Հրեշտակեան, Էվլին Ինճէեան, Մարի Կէօզմանեան, Ալին Փանոսեան, Լուսին Քէշիշեան եւ Շուշան Թորոսեան: Բանաւոր բացակայութեամբ ընկերուհիներ՝ Ժիւլիէթ Ճանպազեանի, Արաքսի Խարմանի, Նուարդ Գրիգորեանի, Ալին Ղազարեանի, Անի Ղազարեանի, Ռուպինա Գասապեանի, Ժագլին Քէշիշեանի, Արտա Մահտէսեանի, Ազատուհի Մահտէսեանի եւ Ֆլորա Վարդանեանի:

Ձեռամբ Մարալ Միսիրեանի, 15 տարուան ծառայութեան արծաթեայ զարդասեղ ստացան՝ Տիանա Հանըմեան, Հռիփսիմէ Գասարճեան, Իռեն Թիլիմեան, Ժանէթ Երամեան, Երանուհի Արապեան, Լիզա Շիշոյեան, Կարինէ Տէր Յովակիմեան, Նորա Սերոբեան եւ Սօսի Թաշճեան: Բանաւոր բացակայութեամբ ՝ Ժենիա Արամեանի, Անի Իպրահիմիի, Ազնիւ Թարխանեանի, Սեդա Պետրոսեանի, Անահիտ Մարկոսեանի, Ռուզաննա Մարկոսեանի եւ Մարսէլ Տէմիրճեանի:

Ձեռնարկի աւարտին «Ռուբինա» մասնաճիւղի հիմնադիր երէց անդամներէն Արմենուհի Գոլոլեան եւ նորագիր անդամ Ռուպինա Քէշիշեան կատարեցին մոմավառութիւնը եւ աւանդական կարկանդակի հատումը:

Անսալով Համաճարակի պարտադրած օրէնքներուն, սրահէն ելքին, տօնակատարութեան յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ, նախապէս

պատրաստուած, կարկանդակի շերտեր պարունակող տուփիկներ հրամցուեցան ներկաներուն:

Սոյն ձեռնարկը կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, որ ՀՕՄը իր տասնեակ հազարաւոր անդամներ հաշուող աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւնով, մարդասիրական մարզէն ներս արձանագրած իր նուաճումներով այսօր վճռակամ կանգնած է պատնէշի վրայ. հոն էր ու դեռ կը մնայ՝ յաւելեալ թափով իր երթը շարունակելու եւ ծառայելու հայ ժողովուրդին ու հասնելու անոր բոլոր կարիքներուն:

ՀՕՄի Օրուան Տօնակատարութեան Յանձնախումբի անունով՝

Աննա Տէր Յակոբեան