Ոչ Եւս Է Ամերիկահայ Դերասան Մայք Քանըրզ (Գրիգոր Օհանեան)


Յունուար 27ի յետմիջօրէին իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ հանրայայտ դերասան եւ պատկերասփիւռի «Մենիքս» ծրագիրի (1967-1975) իր կերպարով յայտնի Մայք Քանըրզը (Գրիկոր Օհանեան): Ան 91 տարեկան էր։

Ամերիկահայ դերասանին փեսան՝ Մայք Քանտըն, հաստատած է Քանըրզի մահուան լուրը՝ նշելով, որ ան մահացած է հիւանդանոցի մէջ, արեան քաղցկեղին պատճառած առողջական բարդութեանց իբրեւ հետեւանք։

«Մենիքս» գաղտնի ոստիկանական յայտագիրին համար, Քանըրզ չորս անգամ թեկնածու եղած է «Էմի» մրցանակին, իսկ «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակի դափնեկիր եղած է 1970ին:

Քանըրզ ծնած էր 1925ի Օգոստոս 15ին, Ֆրեզնոյի մէջ։