Պոլսոյ Մէջ Իսլամացուած Հայերուն Համար Կազմակերպուած Հայերէնի Դասընթացքը Մեծ Յաջողութիւն Ունեցած է


 «Թերթ»․-Պոլսոյ մէջ արդէն քանի մը ամիսէ յաջողութեամբ կը շարունակուի իսլամացուած հայերու մայրենի լեզուի դասընթացքը, որ նախաձեռնած էր պէյրութահայ, Օքսֆորտի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեանը:

Ամիսներ առաջ Հրակը յաջողեցաւ կազմաւորել իսլամացուած հայերէ բաղկացած մէկ առանձին խումբ, ուր կան նաեւ Մուշի, Սասունի, Ատափազարըի, Պինկէոլի մէջ մեծցած հայեր, որոնք տարիներ շարունակ հեռու գտնուած են Պոլսոյ հայկական համայնքէն, եկեղեցիէն եւ դպրոցներէն կամ ինչ-ինչ պատճառներով աւելի ուշ տեղեակ եղած են իրենց ծագումին մասին։

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու` հայկական դպրոցներու մէջ մայրենին սորվելու հնարաւորութիւնը հնարաւոր չէ` առաջին հերթին երկրի օրէնքներուն համաձայն: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն` երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրէաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն:

Ըստ Լոզանի պայմանագրի երրորդ բաժինի 37-45 կէտերուն` կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելու շնորհիւ հայերը իրաւունք ստացած են սորվելու իրենց մայրենին, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզները, լազերը եւ առհասարակ ոչ թուրք բոլոր մահմետականները:

Այսպիսով` Պոլսոյ մէջ գործող համայնքային հայկական դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ:

Այս գործընթացէն դուրս կը մղուին նաեւ ալեւիացած եւ մահմետականացուած բոլոր հայերը, որոնց հայերէն սորվելու ձգտումին միակ բաց «պատուհանը» կը մնայ վերջին տարիներուն որոշ միութիւններու կամ անհատներու կողմէ նախաձեռնուող բաց դասընթացները, որոնք աւելի առաջ կազմակերպուած են Տիգրանակերտի, Տերսիմի եւ Մուշի մէջ:

Շատ յաճախ այս դասընթացները շարունակական բնոյթ չեն կրեր` ֆինանսական աջակցութեան բացակայութեան պատճառով: