Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Ֆրանսական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ


ՓԱՐԻԶ, “Նոր Յառաջ”․- Մարտ 7էն 9ը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Ֆրանսա, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հրաւէրով։ Հայաստանի նախագահին պաշտօնական եռօրեայ այցը յատկանշուեցաւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներով: Առաջին հերթին՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ, որուն յաջորդեց եւրոպահայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ ընթրիքը։ Երկրորդ օրուան յայտագիրը կը բաղկանար Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի տուած ընդունելութենէն, ապա՝ Ֆրանսայի գործարարներու շարժումին կեդրոնին մէջ կլոր սեղանէն, նախագահ Հոլանտի հետ հանդիպումէն, անոր յաջորդած՝ Էլիզէի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ի պատիւ տրուած ճաշէն եւ այլազան պաշտօնական հանդիպումներէ։

Էլիզէի պալատին մէջ Մարտ 8ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը, որուն աւարտին ստորագրուեցան շարք մը մարզերու մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփեցին միացեալ յայտարարութեամբ:

Նախագահ Հոլանտ իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Ֆրանսան որպէս Մինսքի խումբի անդամ երկիր, ներգրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: «Մենք կը փափաքինք աշխատիլ կարգաւորում գտնելու ուղղութեամբ։ Միջադէպերու հետաքննութեան միջոցներու գործադրութեամբ միայն կրնանք կանխարգիլել զանոնք եւ պատժել այն գործողութիւնները, որոնք հակոտնեայ են խաղաղութեան», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը, որ անգամ եւս կրկնեց, որ իր երկիրը կ՚ուզէ գտնել խնդրին քաղաքական լուծում:

Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Ֆրանսայի համար յիշեցում մըն է, որ միջազգային հանրութիւնը երբեք չի կրնար ընդունիլ որեւէ ժողովուրդի ոչնչացումը: «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մենք միշտ ալ գնահատած ենք որպէս խաղաղութեան հաստատման քայլ. խաղաղութիւն՝ մենք մեզի հետ, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն երկիրներու միջեւ։ Մենք միշտ դիտարկած ենք Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը աւելի ընդհանուր ենթախորքի վրայ եւ ուշադիր ենք մարդկութեան դէմ բոլոր ոճիրներուն եւ պատերազմական ոճիրներուն նկատմամբ», շեշտեց ան:

Իսկ նախագահ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց. «Մենք քննարկեցինք երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաբնոյթ հարցեր։ Ուրախութեամբ կ՛արձանագրեմ, որ բոլոր հարցերու շուրջ մեր մօտեցումները շատ մօտ են իրարու։ Մենք այսօր եւս քայլ մը կատարեցինք մեր յարաբերութիւններու խորացման՝ ստորագրելով փաստաթուղթեր զբօսաշրջութեան, միջհամալսարանական-գիտակրթական համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ։ ․․․Ես այսօր առաւօտեան ՄԵՏԵՖ-ի մէջ (Ֆրանսացի գործարարներու շարժում) կը փորձէի համոզել ֆրանսացի գործարարները, որ Հայաստանի մէջ ներդրումային բարենպաստ պայմաններ կան, առաջարկեցի անոնց գալ Հայաստան եւ ներդրումներ կատարել։ Հայաստանը, ըլլալով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, կրնայ հարթակ ըլլալ անոնց համար՝ արտադրելու Հայաստանի մէջ եւ իրացնելու Եւրասիական տնտեսական միութեան 170 միլիոննոց շուկայի մէջ։ Եւ երկրորդ՝ ունենալով Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններ, Իրանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման ընթացքին այդ երկրի հետ պահպանելով լաւ յարաբերութիւններ, ճանչնալով իրանական շուկան եւ Իրանի ժողովուրդը՝ Հայաստանը եւս կրնայ այստեղ առաջատար ֆրանսական ընկերութիւններուն օգտակար ըլլալ, եւրոպական ընկերութիւններուն հարթակ ծառայելով՝ ունենալով հնարաւորութիւններ եւ այդ հնարաւորութիւնները ի սպաս դնել մեր այս յարաբերութիւններու զարգացման…»։

Մարտ 7ին Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպած էր շքեղ ընթրիք մը, որուն հրաւիրուած էին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէն հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Առաջին անգամն էր, որ Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը կը նշուէր այսքան մեծ շուքով։ Ընթրիքին խօսք առաւ նախագահ Սարգսեան, որ անդրադարձաւ սփիւռքահայ համայնքներու անցեալին ու ձեռքբերումներուն աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։ Ան ընդգծեց Սփիւռքի ներդրումը, շեշտելով՝ «Դուք մեր քարիւղն էք, մեր ծովն էք եւ Հայաստանը կարիքն ունի ընկերութիւններ կառավարելու ձեր կարողութիւններուն»։ Ան աւելցուց, թէ Հայաստանը այն վայրն է, ուր կարելի է լաւ ու հանգիստ ապրիլ։ Աւարտին, նախագահ Սարգսեան ընդգծեց Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Մարտ 8ին, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ ի պատիւ Հայաստանի նախագահին՝ կէսօրուան ժամերուն ընդունելութիւն մը կազմակերպեց քաղաքապետարանի մեծ դահլիճին մէջ։

Հիտալկօ բացման խօսքը առնելով, դրուատեց հայութեան մշակութային ներդրումը Փարիզին եւ ընդհանրապէս Ֆրանսային։ Հայաստան կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւնները մեկնաբանելով՝ ան ըսաւ, թէ Երեւանը գեղեցիկ մայրաքաղաք մըն է, ուր իւրաքանչիւր անկիւնին մէջ կարելի է ապրիլ մշակութային պահեր։ Հիտալկօ տեղեկացուց թէ նախաձեռնած են Փարիզի փողոցներէն մէկը ծանօթ հայ գրող, իգական սեռի իրաւունքներու ջատագով Զապէլ Եսայեանի անունով վերանուանելու գործին։

Հայաստանի նախագահը  շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետուհիին ընդունելութեան համար եւ անդրադարձաւ Ֆրանսա-Հայաստան երկկողմանի սերտ յարաբերութիւններուն։ Ան պաշտօնական հրաւէր ուղղեց քաղաքապետուհիին՝ մասնակցելու Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 2018ին, Երեւանի մէջ։

Նախագահ Սարգսեան Մարտ 9ին Փարիզէն մեկնեցաւ Լիոն, ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Ժերար Գոլոնի հետ: Մինչ այդ Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց քաղաքի «Պելքուր» հրապարակը եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին ապակեդրոնացուած համագործակցութեան, գիտակրթական, տնտեսական եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով գործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր: