Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քաղաքական Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Օթթաուայի Մէջ


Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան Նորընտիր երեսփոխան Ճին Եիփի հետ

Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան Օթթաուայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Երեսփոխաններ Թոնի Քլէմէնթի, Րէյչըլ Հարտըրի, Ճին Եիփի եւ Ալէքասնդ Պուլըրիսի հետ: 

Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած յառաջիկայ կարգ մը ծրագիրները, միջ-մշակութային յարաբերութիւնները եւ բազմամշակութայնութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հայ Դատի պատուիրակները երեսփոխաններուն հետ քննարկեցին նաեւ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ոլորտը, Արցախեան հիմնահարցն ու Հայ Դատի առնչուող շարք մը այլ առաջնահերթութիւններ:

Քննարկումներէ անկախ, կողմերը հաստատեցին վերոնշեալ բոլոր հարցերու նկատմամբ շինիչ քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ այս հարցերու նկատմամբ հետեւողական եւ մշտական երկխօսութիւն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Իրենց կարգին, երեսփոխանները դրուատելով Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները, վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը Գանատահայութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն: