Գանատայի Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Այցելեց ՀՀ Գեղարքունիք Մարզ


Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ ընկերակցութեամբ Գեղարքունիքի մարզի նորընտիր մարզպետ Իշխան Սաղաթելեանի եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիկին Ծովիկ Թերզեանի, այցելեց սահմանամերձ Վահան գիւղ, ուր բացումը կատարեց գիւղի մանկական խաղավայրին։

Խաղավայրի կառուցման հովանաւորած են բարերար Մանուկ Չուխաճեանը եւ Չուխաճեան ընտաներական հիմնարկը։

Առ ի գնահատանք, Գեղարքունիքի մարզպետը, շնարհակալագիրներ յանձնեց Սրբազան հօր եւ բարերարին, խաղավայրի կառուցման հովանաւորելու համար։

Սրբազան հայրը ողջունելով ներկաները յայտնեց, որ այսօր տօնական մթնոլորտ կը տիրէ գիւղին մէջ։ «Մանուկներուն դէմքին վրայ կը տեսնեմ ժպիտ եւ ուրախութիւն, թող որ ատոնք անպակաս ըլլան իրենց կեանքէն։ Աստուած օրհնէ մեր մանուկները, մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս այս գիւղի զաւակները, որոնք այս խաղավայրին մէջ պիտի մեծնան ու պիտի դառնայ ապագայ մեր զինուորները»։  

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ացելեց սահմանամերձ գիւղին զօրամասը։

Ան ողջունեց իւրաքանչիւր զինուոր ու սպասարկեց անոնց կէսօրուան ճաշը եւ իր օրհնութիւններով ու քաջալերական խօսքերով խրախուսեց սահմանը պաշտպանող հայ զինուորները։