«Արմենփրես․- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հոգեհանգստեան կարգ մատուցուեցաւ մէկ տարի առաջ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Արարողութիւնը կատարուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ի տնօրինութեամբ: Պատարագին կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:
Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան հաւատաւորներուն փոխանցելով կաթողիկոսին խօսքը, նշեց, որ իրենց աղօթքները առ Աստուած կը բարձրացնեն քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար: «Մէկ տարի առաջ մեր խիզախ զինուորները կասեցուցին Արցախի մեր ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքին բռնացող ռազմական գործողութիւնները, արեան գնով ետ մղեցին հակառակորդը` վկայելով հայրենի երկրի մեր ժողովրդի նախանձախնդրութիւնը, ուժն ու կորովը եւ անպարտելի ոգին», ըսաւ հոգեւորականը:
Անոր խօսքով` Մեծ պահքի այս օրը` Գալստեան Կիրակին, կը յիշեցնէ Տիրոջ գալուստն ու իր հաւատարիմ հետեւորդներուն յաւիտենական կեանքի շնորհին արժանացնելը: «Մեր զոհուած հերոսները փոխադրուեցան հանդերձեալ կեանքի հանգրուան` մուտք գործելու յաւիտենութիւն եւ անանց երանութիւն ժառանգելու, քանզի անձնազոհութեան մեծագոյն առաքելութիւնը դրսեւորեցին», աւելացուց Նաթան արք․ Յովհաննիսեան:
Ապրիլ 2ին` 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմին զոհուած քաջարի հայորդիներուն համար հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ։