«Ասպարէզ»․- Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմի արտադրութեան եւ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին առնչուող Intent to Destroy ֆիլմը ընտրուած է «Doc LA.» շարժապատկերի փառատօնի լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմը:
Ճօ Պերլինկըրի արտադրած եւ բեմադրած այս ֆիլմին մնացեալ արտադրողներն են՝ «Խոստումը» ֆիլմի արտադրիչ Էրիք Էսրայէլեան եւ Չիփ Ռոզընպլում։ Երաժշտութեան հեղինակը Սերժ Թանքեանն է։
Նշենք, որ նշեալ փառատօնի «Ազատութեան» մրցանակը շահած է Ռակըն եւ Ճօ Հէյլմեններու արտադրած՝ «Էրտողան. Բռնատէրի Հանրապետութիւն» ֆիլմը։
Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ վաւերագրական ֆիլմը պիտի սկսի ցուցադրուելու Նոյեմբեր 11-էն:
Ֆիլմին մէջ ներկայացուած են Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ժխտողական քաղաքականութեան մասին գիտնականներու հետ անոր կատարած հարցազրոյցները: