Արցախի Մէջ Զբօսաշրջային Կեդրոն Պիտի Ստեղծուի


2018 թուականին Արցախ այցելած է 28 հազար 588 զբօսաշրջիկ, որ 23 տոկոսով աւելի է, քան 2017ի համապատասխան ցուցանիշը, Փետրուար 12ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ 2019ի Յունուարին մօտ 710 զբօսաշրջիկ այցելած է Արցախ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին 676ի համեմատ:

«2018ի զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրը հիմնականօրէն ուղղուած էր շուկայագիտական (marketing) քաղաքականութեան իրականացման: Մայրաքաղաքին եւ Շուշիի մէջ գործող չորս տեղեկատուական կեդրոնները շարունակած են անվճար սպասարկել Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն` անոնց տրամադրելով հաւաստի եւ անվճար տեղեկութիւններ: Անցեալ տարի այս չորս կեդրոնները այցելած են աւելի քան 800 զբօսաշրջիկներ` 52 երկիրէ: Տարուան ընթացքին Արցախի մէջ բացուած է 18 հիւրանոցային տնտեսութիւն: Այժմ Արցախի մէջ կը գործէ 64 հիւրանոցային տնտեսութեան կառոյց` 1532 մահճակալով», նշած է  Յովհաննիսեան:

Նախարարին խօսքով` 2019ին պիտի շարունակեն ընդլայնել Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու ծագման աշխարհագրութիւնը:

«2019 թուականին պիտի գործարկուի artsakh.travel եւ karabakh.travel զբօսաշրջային պաշտօնական կայքը: Շուկայագիտութեան (Marketing) ծրագիրներու իրականացման ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի digital marketing campaign` մեծ թիւով օգտատէրերու ընդգրկումով: Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շահագործումը հնարաւորութիւն ստեղծած է միացնելու Արցախի եւ Հայաստանի զբօսաշրջային երթուղիները Արցախի հիւսիս-արեւմտեան շրջանները, որ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ Երեւան-Գորիս-Ստեփանակերտ-Մարտակերտ-Վարդենիս օղակաձեւ զբօսաշրջային երթուղիի զարգացման համար: Մեթոտական եւ ֆինանսական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ «Արցախեան գինի»ի վեցերորդ փառատօնին, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած այլ փառատօններու ու ձեռնարկներու կազմակերպման։ Պիտի ստեղծուի Զբօսաշրջիկներու աջակցութեան կեդրոն` Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն համապարփակ տեղեկատուութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով», աւելցուցած է նախարարը: