Արցախի Մէջ Ներդրումներ Ընող Հայերուն Սեփականութեան Իրաւունք Պիտի Տրուի


«Արցախփրես»․- Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի չհանդիսացող բոլոր այն հայրերը, որոնք իրենց ուժերով եւ սեփական ներդրումներով Արցախի մէջ արտադրական նշանակութեան այգիներ պիտի հիմնեն, կը նախատեսուի հողի սեփականաշնորհման իրաւունք տալ, ըսած է Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան` մեկնաբանելով, որ նախարարութեան կողմէ այս առումով առաջարկ պիտի ըլլայ հողային օրէնսգիրքի մէջ բացառութիւն սահմանելու մեր այդ հայրենակիցներուն համար:

«Սահմանադրութեամբ հնարաւորութիւն չկայ հողը վաճառելու կամ սեփականութեան իրաւունքով տրամադրելու օտարերկրեայ քաղաքացիներուն` բացառութեամբ օրէնքով սահմանուած դէպքերու: Կը կարծեմ` մեր բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք կը հանդիսանան այլ երկիրներու քաղաքացիներ, եթէ ցանկութիւն ունենան Արցախի մէջ այգեգործութեան զարգացման համար իրենց ծանրակշիռ ներդրումը ունենալու, բացառիկ իրաւունք պիտի ունենան նաեւ սեփականութիւն ունենանալու: Ասիկա մեր պատկերացումն է», ըսած է գիւղատնտեսութեան նախարարը:

Անոր խօսքով` կը նախատեսուի հողի սեփականաշնորհման իրաւունք տալ նաեւ Արցախի այն քաղաքացիներուն, որոնք ունին արտադրական նշանակութեան այգիներ, սակայն անոնք կը գտնուին վարձակալած հողերու տարածքին վրայ: